Մեթսու Փոխարինեց Մարատոնան

Պրիւնօ Մեթսու

Սենեկալի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ֆութպոլի ազգային խումբերու նախկին ֆրանսացի մարզիչ Պրիւնօ Մեթսու նշանակուեցաւ Ուասըլի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մարզիչ, յայտնեց տուպայեան ակումբը իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

51 տարեկան ֆրանսացին, որ այսպիսով փոխարինեց պաշտօնանկ եղած արժանթինցի մարզիչ Տիեկօ Մարատոնան, երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ:

Նշենք, որ քաթարեան Ղարաֆա ակումբին կողմէ պաշտօնանկ ըլլալէն ետք (մարտ 2012), Մեթսու մնացած էր անգործ:

Share this Article
CATEGORIES