«Թուր Տը Ֆրանս». Վոյեքլըր Տիրացաւ 16-րդ Հանգրուանի Մրցումին
Օրուան մը հանգիստէ ետք, երէկ շարունակուեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ը, երբ տեղի ունեցաւ 16-րդ հանգրուանի մրցումը` Փոյէն Պակներ տը Լիւշոն (197 քմ): Անիկա աւարտեցաւ յաղթանակովը Թոմաս Վոյեքլըրի, որ արձանագրեց 5 ժամ 35′ 02″ արդիւնք մը: Անոր ետին 2-րդ դիրքը 1′ 40″ ուշացումով գրաւեց Քրիս Անքըր Մորենսըն, իսկ 3-րդ դիրքը 3′ 22″ ուշացումով գրաւեց Կորքա Իզակուիր Ինսոսթի:
Հեծելանւորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ կացութիւնը մնաց անփոփոխ եւ այժմ 2′ 05″-ի առաւելութեամբ Պրետլի Ուիկինզ կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Այսօր տեղի կ՛ունենայ 17-րդ հանգրուանի մրցումը` Պակներ տը Լիւշոնէն Փէյրակուտես (143,5 քմ):
CATEGORIES Մարզական


