Պալոթելլիի Մայրը Կ՛աշխատի Իբրեւ Գրասենեակ Մաքրող Կին
Իր լուրը քաղելով «Տէյլի Միրըր»-էն` Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կ՛անդրադառնայ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլիի եւ անոր մօր` Ռոզա Պարվուանի ընտանեկան կեանքին:
Ինչպէս ծանօթ է, Պալոթելլի ծնած է Ղանայէն ներգաղթած աղքատ ընտանիքի մը մէջ: Երկու տարեկանին, իտալական կառավարութեան պնդումին վրայ, ընդհանրապէս հիւանդացող երեխան կը յանձնուի մեծահարուստ Պալոթելլի ընտանիքի խնամքին:
Այժմ Պալոթելլի շաբաթական կը գանձէ 120 հազար փաունտ, Մանչեսթըր քաղաքին մէջ ունի շքեղ տուն մը, իսկ խումբին փորձերուն կ՛երթայ «Պենթլի Քոնթինենթըլ Ճի. Թի.» ինքնաշարժով:
Սակայն բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ կ՛ապրի անոր մայրը: Ան իր աղջկան հետ վերջերս տեղափոխուեցաւ Մանչեսթըր, որպէսզի աւելի մօտ ըլլայ իր զաւկին: Սակայն Պալոթելլի շատ քիչ առիթներով կ՛այցելէ նոյն քաղաքին մէջ գտնուող իր մօր, որ կ՛աշխատի Մանչեսթըրի գրասենեակներուն մէկուն մէջ` իբրեւ գրասենեակ մաքրող կին, ժամական գանձելով 6 փաունտ:

