Արսէն Պետրոսեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Արարատի Հետ
ArmFootball.com մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, Փիւնիկ Երեւանի նախկին բերդապահ Արսէն Պետրոսեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Արարատի հետ:
Պատասխանելով վերոնշեալ կայքէջի լրագրողին` Արարատի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան ըսած է. «Արարատի մէջ տեղի պիտի ունենան փոփոխութիւններ, սակայն ներկայ հանգրուանին չեմ կրնար ըսել, թէ ինչպիսի՛ խաղաոճով պիտի խաղանք: Խումբէն պիտի ըլլան մեկնողներ ալ, սակայն նորեկ մարզիկները պիտի ըլլան աւելի: Գէորգ Նռանեանէն եւ Հայկ Մկրտչեանէն ետք, խումբին այժմ միացաւ Արսէն Պետրոսեան: Այլ մարզիկներ ալ միացնելով մեր կազմին` կու գամ ըսելու, որ ախոյեանութեան վարին դիրքերուն վրայ պիտի չտեսնուինք: Բոլորն ալ ականատես պիտի ըլլան, որ պիտի տեսնեն ամբողջութեամբ տարբեր խումբ մը»:
CATEGORIES Մարզական


