Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Քատեթներու Ախոյեանութիւն. Մխիթար Գրիգորեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Լեհաստանի Քաթովից քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի քատեթներու ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մխիթար Գրիգորեան, 42 քկ ազատ ոճի մրցումներուն յաջողեցաւ տիրանալ պրոնզ մետալին:

Ան յաջորդաբար յաղթելէ ետք գերմանացի եւ վրացի իր մրցակիցներուն, մրցեցաւ իր ռուս մրցակից Ալեքսանտր Ռասսաթինի դէմ, որմէ սակայն պարտուեցաւ: Սակայն նկատի ունենալով, որ այս վերջինը հասաւ աւարտական հանգրուան, հայ ըմբիշը իրաւունք ստացաւ պայքարելու երրորդ դիրքին համար, ուր յաղթեց մոլտաւիացի իր մրցակիցին:

Նշենք, որ ախոյեանութեան Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Ռազմիկ Պօղոսեան (76 քկ), Ռուտոլֆ Ալեքսանեան (100 քկ), Արման Խաչատրեան (54 քկ), Սեւակ Մխիթարեան (63 քկ), եւ Հմայեակ Աղաճանեան (46 քկ):

 

Share this Article
CATEGORIES