Ա. Թէ. Սէ. Էլ.- Լիբանանի 35-րդ Միջազգային Ռելին` 7-9 Սեպտեմբերին
Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ 7-9 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 35-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին, իսկ Լիբանանի ռելիներու 4-րդ եւ վերջին հանգրուանին մէջ:
Նշենք, որ 7-9 սեպտեմբերը ճշդուեցաւ նշեալ ռելիին թուականը` նկատի ունենալով, որ Յորդանանի ռելիին թուական ճշդուեցաւ յառաջիկայ հոկտեմբերը:
Լիբանանի ռելին, որ կ՛երկարի երեք օրերու վրայ, ունի 12 հանգրուաններ, որոնցմէ 3-ը գիշերային են եւ անոր ընդհանուր երկարութիւնն է 825,08 քմ:
Անոր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ քաթարցի Նասեր Սալեհ Աթիէ, հակառակ անոր որ ան 15 օր առաջ պիտի մասնակցի «Ատաք Գերմանիա» ռելիին, որ կ՛իյնայ «ՊԻ. ԷՄ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ»-ի աշխարհի ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Աթիէ, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի միայն 18 կէտ, իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որ առաջին անգամ ըլլալով տիրանայ այս ռելիի տիտղոսին: Բնականաբար, ան դարձեալ իր դէմ պիտի ունենայ լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալին, որ դարձեալ նպատակ ունի տիրանալու անոր` 10-րդ անգամ ըլլալով:
Այլ գետնի վրայ, «Էն» դասակարգին մէջ լիբանանցի վարորդ Նիքոլայ Ճիորճիօ 32 կէտի առաւելութեամբ կը գրաւէ առաջին դիրքը` յոյս ունենալով, որ այդ առաւելութիւնը աւելիով պիտի բարձրանայ Լիբանանի ռելիէն ետք:
Ա. Թէ. Սէ. Էլ. իր հաղորդագրութիւնը եզրափակեց ըսելով, որ արդէն իսկ մասնակցող խումբերուն արձանագրութիւնները, որոնք բացուած կարելի է նկատել, կ՛աւարտին 24 օգոստոս 2012-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով կէսօրէ ետք ժամը ճիշդ 17:00-ին:

