50 Տարի Առաջ ( 20 Յուլիս 1962 )

Լիբանան Այսօր Ցնծութեամբ Կը Տօնէ
Յուլիս 20-ի Տարեդարձը

«Յուլիս 20-ը Լուսաւոր Թուական Մըն Է
Լիբանանի Պատմութեան Մէջ»

Յայտարարեց Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ

Երկու տարի առաջ, 20 յուլիս 1960-ին, Լիբանան ապրեցաւ անմոռանալի օր մը: Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապ, երեսփոխաններու եւ ժողովուրդի միահամուռ թախանձանքին  ընդառաջելով, ետ առաւ իր հրաժարականը, զոր ներկայացուցած էր նոյն օրը: Այսպիսով, երկիրը փրկուեցաւ ծանր տագնապէ մը, որ կրնար անհաշուելի հետեւանքներ ունենալ:

Հետագայ դէպքերը փաստեցին, թէ Լիբանան որքա՛ն պէտք ունի նորին վսեմութեան իմաստուն քաղաքականութեան եւ ղեկավարութեան, որոնց բարիքները կը վայելէ լիբանանցի ժողովուրդը` հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:

Այս բարեբաստիկ օրուան առթիւ լիբանանցի ժողովուրդը դարձեալ ցնծութեան մէջ է: Շաբաթէ մը ի վեր Պէյրութի բոլոր փողոցներուն եւ օդափոխութեան կեդրոններուն մէջ ժողովուրդը ինքնաբուխ կերպով պաստառներ պարզած է` ի յիշատակ անմոռանալի տարեդարձին: Նախագահին նկարները կը զարդարեն բոլոր խանութներուն ցուցափեղկերը:

Երէկ իրիկուն, Պէյրութի փողոցները լուսազարդուած էին: Գիշերը հարիւրաւոր ինքնաշարժներու թափօր մը, լիբանանեան դրօշակներով եւ հանրապետութեան նախագահին նկարներով զարդարուած, շրջեցաւ մայրաքաղաքի գլխաւոր փողոցներուն մէջ:

Ռ. Քարամէի Յայտարարութիւնը

Պատմական Նկար Մը.- 20 յուլիս 1960-ին, լիբանանցի երեսփոխանները իրենց ուսերուն վրայ առած են նախագահ Շեհապը, որ յօժարած էր ետ առնել իր հրաժարականը:

Յուլիս 20-ի տարեդարձին առթիւ վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Յուլիս 20-ը դարձած է լուսաւոր թուական մը արդի Լիբանանի պատմութեան մէջ, որովհետեւ կը խորհրդանշէ անշահախնդրութեան, անձնուիրութեան եւ զոհողութեան ոգին:

«Հետեւաբար զարմանալի չէ, երբ լիբանանցիք այս օրուան մէջ կը տեսնեն առիթ մը` արտայայտելու իրենց հիացման եւ հաւատարմութեան զգացումը հանդէպ նախագահ Ֆուատ Շեհապի` պահակն ու խորհրդանիշը իրենց ազգային միութեան:

«Այս առթիւ կը բաժնեմ լիբանանցի ժողովուրդին զգացումները` մաղթելով, որ նախագահ Շեհապ յաջողութեամբ շարունակէ քաղաքականութիւն մը, որուն նպատակն է պառակտումի ամէն ոգի հեռացնել լիբանանցիներու մէջէն եւ իրագործել տնտեսական եւ ընկերային վերաշինութեան գործ մը` յօգուտ ժողովուրդի մը, որ կը հաւատայ իրեն եւ կը սիրէ զինք»:

Նոյնիմաստ յայտարարութիւններ եղան նաեւ ներքին գործոց նախարար Քամալ Ժոմպլաթի, արդարութեան նախարար Ֆուատ Պութրոսի, ծրագրաւորումի նախարար Օսման Տանայի եւ փոսթ-հեռագրական նախարար Ռընէ Մուաուատի կողմէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES