Արուեստի Աշխարհէն. «Ի Սպառ Վնասուած»

ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ԳՏԱԾ ՄԻԱԿ ԻՆՔՆԱՆԿԱՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ Է ԿՈՐՈՒՍՏԻ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՆՈՐ ՑԱՒԱԼԻ ՎԻՃԱԿԸ:

Լէոնարտօ տա Վինչիի ինքնանկարը կը գտնուի շատ վատ վիճակի մէջ, եւ հաւանաբար մասնագէտներ ոչինչ կրնան ընել` փրկելու համար զայն:

Վերջերս վերանորոգութեան մասնագէտներ քննութիւններ կատարեցին կարմիր կաւիճով իրագործուած դիմանկարին վրայ, որ կը պատկերէ մօրուքաւոր հանճարը` 60-ական տարիքին: 1500 տարիներու սկիզբը գծուած ինքնանկարին նրբօրէն պատկերուած դէմքին վրայ սկսած են յայտնուիլ կարմիր արատներ, սնկային մարմիններ ու բիծեր: Շատեր կը հաւատան, թէ աւերը գործուած է 1929-ին, երբ ցուցահանդէսի մը առիթով դիմանկարը շրջանակի մէջ առնելու ընթացքին անիկա դիպուածով պարզուած է արեւուն: Ախտաճանաչումը արուեստի գործերու վերանորոգութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ ֆոքսինկ կամ բծաւորում եւ կ՛ակնարկէ այնպիսի արատներու, որոնք գոյութիւն պէտք չէ ունենան: Հաւանաբար այս բծաւորումը յառաջացած է տա Վինչիի գործածած ներկին թթուածնութեան (օքսիտէյշըն) պատճառով կամ` թուղթին վրայ սնկային մարմիններու կազմութեան:

Այսուհանդերձ, այս կանխագուշակութեան ամէնէն աղէտալի կողմը այն է, թէ 33.5 սմ բարձրութեամբ եւ 21.6 սմ լայնքով փոքր նկարը այնքա՛ն գէշ վիճակի մէջ է, որ զայն փրկելու որեւէ ճիգ կրնայ շատ հաւանաբար փճացնել զայն: Հետեւաբար գիտնականներ եւ վերանորոգողներ այժմ կը դիմագրաւեն երկսայրի ընտրանք մը. միջամտե՞լ, թէ՞ չմիջամտել: Կը թուի, թէ դիւցազներգական ժապաւէնի մը դիպաշարին մաս կը կազմեն անոնք:

Վերանորոգողներ որոշած են զգուշ մօտեցում ցուցաբերել` նախքան որեւէ քայլի դիմելը: «Որովհետեւ ասիկա գլուխ գործոց մըն է, միշտ ալ խոհեմութիւնը տիրապետած է: Սարսափելի է արուեստի այսպիսի հզօր եւ եզակի գործի մը ճակատագիրը որոշելը», կ՛ըսէ Իտալիոյ Արխիւներու եւ գիրքերու վերանորոգութեան եւ պահպանումի կեդրոնական հիմնարկի պատասխանատու Մարիա Քրիսթինա Միզիթի: Մասնագէտներ չափազանց կը տատամսին վերանորոգելու դիմանկարը, այն մտավախութեամբ, թէ զայն կրնան ի սպառ փճացնել: Հետեւաբար անոնք վճռած են զայն պահել աչքերէ հեռու` պահպանելու համար այն, ինչ որ կրնայ գոյատեւել դիմանկարէն:

Լուսանկարը կը պատկերէ Լէոնարտոյի դիմանկարը 1997-ին, երբ անիկա մաս կը կազմէր միջազգային շրջուն ցուցահանդէսի մը եւ հասած էր Պոսթընի Գիտութեան թանգարանը: Ցուցահանդէսը կը կրէր «Լէոնարտօ տա Վինչի. գիտնական, յայտնագործող, արուեստագէտ» վերնագիրը: Լէոնարտօ տա Վինչի այս ինքնանկարը հաւանաբար գծած է շուրջ 1516-ին:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES