Արուեստի Աշխարհէն. Լէոնարտօ Տա Վինչիի Ձեւագծած Պայուսակը

Լէոնարտոյի «Փրեթիոզա»-ն վերակազմուած է Մուսէօ Իտէալէ Լէոնարտօ տա Վինչի թանգարանին մէջ պահպանուած գծանկարներու պատառիկներէն եւ մարմին ստացած` Ֆլորանսի մէջ գործող Կերարտինի նորաձեւութեան տան մէջ:

ՄՈՌՑԷ՛Ք «ԿՈՒՉԻ» ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐԸ. 15-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ ՁԵՒԱԳԾԱԾ ՄԷԿ ՊԱՅՈՒՍԱԿԸ ԿԸ ԿՐԷ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ԵՒ ԵԶԱԿԻ ՅԱՏԿԱՆԻՇ ՄԸ: «ՏԻՍՔԱՒԸՐԻ ՆԻՈՒԶ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԳԾԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐՈՒ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄՈՎ ՎԵՐԱԿԱԶՄՈՒԱԾ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԵՒ ԳԵՂԵՑԻԿ ՊԱՅՈՒՍԱԿԸ, ՈՐ Կ՛ԱՐՏԱՑՈԼԷ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԵՒ ՅԵՂԱՇՐՋՈՂ ՄԷԿ ԳԱՂԱՓԱՐԸ:

Լէոնարտօ տա Վինչի (ապրած է 1452-1519) արուեստագէտ էր, յայտնագործող, գիտնական, ճարտարապետ, ճարտարագէտ, գրագէտ, նոյնիսկ` երաժիշտ: Իսկ այժմ ի յայտ կու գայ, թէ ան նաեւ նորաձեւութիւն կը ստեղծէր:

Ամիսներ շարունակ մանուածապատ ուսումնասիրութիւններ կատարելէ ետք մասնագէտներ իրարու քով բերած են պատառիկները եզակի պայուսակ մը պատկերող գծանկարներու, զորս Վերածնունդի ժամանակներու հանճարը գծած է շուրջ 1497-ին:

Ճեպանկարները առաջին անգամ հրատարակուած էին 1978-ին: Տա Վինչիի ականաւոր մասնագէտ Քարլօ Փետրեթթի կորսուած պատառիկները ի յայտ բերած էր տասնեակ հազարաւոր գծանկարներու մէջ:

Աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր անտեսուած այս գծանկարները այժմ վերադասաւորուած են եւ վերակազմուած` Անիեզէ Սապաթոյի եւ Ալեսանտրօ Վեծոսիի կողմէ:

Վեծոսի տնօրէնն է Մուսէօ Իտէալէի, որ կը գտնուի Թոսքանայի Վինչի քաղաքին մէջ, ուր ծնած է տա Վինչի` 1452-ին:

«Լէոնարտօ ձեւագծած է նորաձեւութեան մաս կազմող բազմաթիւ իրեր, սակայն այս պայուսակը շատ եզակի է: Անոր մէջ գործնականն ու գեղեցիկը կը միաձուլուին շատ ներդաշնակ ձեւով», կ՛ըսէ ան:

«Փրեթիոզա», ինչպէս կը կոչուի պայուսակը, տա Վինչիի ժամանակներուն կը նշանակէր «թանկագին»: Այժմ անոր մարմին տուած է Ֆլորանսի մէջ գործող հռչակաւոր Կերարտինի նորաձեւութեան տունը (կ՛ըսուի, թէ տա Վինչիի պատկերած Մոնա Լիզան այս ընտանիքին մէկ նախամայրն էր):

Շատ նուրբ կաշիէ շինուած պայուսակը առաջին անգամ այս տարուան սկիզբը ներկայացուեցաւ Ֆլորանսի մէջ տեղի ունեցած նորաձեւութեան Փիթթի ցուցահանդէսին առիթով: Այնուհետեւ անիկա մաս կազմեց 1563-ին հիմնուած Գծանկարչութեան արուեստներու ակադեմիային մէջ առնչակից ցուցահանդէսի մը:

«Շատ վայելուչ ձեռքի պայուսակ մըն է, շատ արդիական` իր հնամենի յղացքով հանդերձ: Անիկա նաեւ շատ գործնական է եւ յարմարաւէտ: Իրօք, անոր մէջ կը խտանան Ֆլորանսի մէջ կաշեգործութեան աւանդութեան լաւագոյն յատկանիշները», կը բացատրէ Լորենցօ Պրաչիալինի, որ կը ղեկավարէ Կերարտինի ընկերութեան շուկայական բաժնի գործերը:

Լէոնարտոյի ժամանակակից պատմաբան եւ կենսագիր Փաուլօ Ճիաւիօ արուեստագէտը նկարագրած է իբրեւ «գեղեցկութեան եւ վայելչութեան հետ առնչուած բոլոր հարցերու իրաւարարը»: Իրօք, Լէոնարտօ ունէր իր սեփական իւրայատուկ պատկերացումը նորաձեւութեան:

«Ան շատ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանար ուղղափառ մտածողութեան եւ կը դատապարտէր անտեղի եւ աւելորդ զարդարանքը», կ՛ըսէ Վեծոսի:

Այնպիսի ժամանակներու, երբ մարդիկ կը կրէին երկար ու ալեծուփ շրջազգեստներ, Լէոնարտօ «կը կրէր վարդագոյն վերարկու մը, որ կը հասնէր մինչեւ ծունկերը», ինչպէս կը նկարագրէ 16-րդ դարու կանուխ տարիներու այլ աղբիւր մը, որ կը կրէ «Անոնիմօ կատիանօ» (անանուն) վերնագիրը:

Իր «Գեղանկարչութեան ճառ»-ին մէջ տա Վինչի սուր կերպով կը քննադատէ իր ժամանակներու շատ նեղ հագուստներու նորաձեւութիւնը. «այնքա՛ն նեղ, որ անոնք կը պատռին շատերուն վրայ», կը գրէ ան:

Այլ խօսք` կօշիկները:

«Անոնք այնքա՛ն նեղ են, որ մատները կը ճզմուին եւ կոշտերով կը ծածկուին», կը գրէ տա Վինչի` դժգոհութիւն յայտնելով:

«Լէոնարտօ սովորական անձ մը չէր: Ինծի չի զարմացներ, թէ ան չէ ենթարկուած իր ժամանակներու նորաձեւութեան ուղղութիւններուն: Ան ունէր իր սեփական ոճը, եւ շատ նորոյթ էր անոր հագուածքը», կ՛ըսէ նորաձեւութեան ցուցահանդէսներ կազմակերպող Փիթթի Իմաճինէ ընկերութեան բարձրաստիճան մէկ ներկայացուցիչը` Ռաֆայելլօ Նափոլէոնէ:

Լէոնարտոյի գործնական եւ գեղեցիկ, ստեղծագործական եւ գրգռիչ պայուսակը վստահաբար պիտի գրաւէր իւրայատուկ տեղ մը` Վերածնունդի ժամանակներու նորաձեւութեան մէջ:

«Մինչ պայուսակին ձեւը կը յիշեցնէ «Յայտնութիւնը» գեղանկարին այն գրքակալը, զոր Լէոնարտօ գծած է Վերրոչինոյի իր արուեստանոցին մէջ, անդին` անոր վրայ գծուած կրկնօրինակները կը յիշեցնեն ոլորապտոյտ դարձող գիծեր, ծաղիկներու զարդապատկերներ, մագաղաթի ոլորքներ եւ բուսական պատկերներ` տեւական կերպարանափոխութեան մէջ», կ՛ըսէ Վեծոսի:

Իւրայատուկ ձեւով փակուող պայուսակին ձեւագծումը կը պատկանի Միլանոյի մէջ Լէոնարտոյի ստեղծագործութեան առաջին հանգրուանին, շուրջ` 1497-ին: Այս ժամանակներուն արուեստագէտը կը գծէր իր «Վերջին ընթրիք»-ը որմանկարին գորգերն ու հանգուցուած ծոպերը` Սֆորցէյսքոյի դղեակին Սալա տելլէ Ասսէ սրահին մէջ:

Վեծոսի կը հաւատայ, թէ Լէոնարտօ գծած է «Փրեթիոզա» պայուսակին տարբեր գծանկարները:

«Դժբախտաբար անոնք բոլորն ալ կորսուած են: Ընդհանուր հաշուով կորսուած են Լէոնարտոյի ստորագրութիւնը կրող առնուազն 4000 գծանկարներ», կ՛ըսէ Վեծոսի, որ կազմակերպած է թանգարանին ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսին մաս կը կազմեն նաեւ Լէոնարտոյի պատկանող նուազ ծանօթ ձեւագծումներու պատկերները, ինչպէս` մեքենական թմբուկ մը, ժամացոյց մը, ոսպնեակ մը եւ Մետիչի իշխաններուն ադամանդաձեւ ծածկագիր մէկ մատանին:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES