Արուեստի Աշխարհէն. Յաւելեալ Ի՞նչ Կարելի Է Ըսել Էտուար Մանէի Մասին

Էտուար Մանէ «Գինետուն մը` Ֆոլի Պերժերի մէջ» գեղանկարը գծած է 1882-ին:

ԴԺՈՒԱՐ Է ՎԻՃԻԼ, ԹԷ ԱՆ ՄԷԿ ԱՅԼ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՄԸՆ Է, ՈՐ ՆԱԽԸՆՏՐԱԾ Է ՉԸՆՏՐԵԼ ԱՅԼ ԱՍՊԱՐԷԶ ՄԸ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒԻԼ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ: ՍԱԿԱՅՆ ՆԱԵՒ ԴԺՈՒԱՐ Է ՎԻՃԻԼ, ԹԷ ԱՆՈՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍԽԱԼ ԷՐ: ՄԱՆԷԻ ԿԵԱՆՔԷՆ ԲԽԱԾ ԷՐ ԱՅՆՊԻՍԻ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԷՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ «ՈՒՈԸՐՏՓՐԵՍ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷԿ ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆՔ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ՇՈՒՔԻ ՄԷՋ ՄՆԱՑԱԾ ԱՅՍ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ: ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔՆԻՆ ՊԱՏՈՒՀԱՆ ՄԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐ ԴԻՏԵԼՈՒ ԵՒ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼՈՒ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ:

Էտուար Մանէ արուեստի պատմութեան մեծագոյն գեղանկարիչներէն եւ արուեստագէտներէն էր: Անոր գործերը կը կազմեն գագաթնակէտ մը, խմորիչ տարրը` տպաւորապաշտ շարժումին եւ աւելի ընդարձակ առումով` իրեն յաջորդած արեւմտեան արդի արուեստի շարժումներուն: Հազուադէպօրէն կը գործածեմ «լաւագոյն» կամ «մեծագոյն» ածականները եւ կը փորձեմ խուսափիլ գերագնահատելէ: Սակայն, երբ կը գրեմ Մանէի գործերուն եւ ներգործութեան մասին, կը մատնուիմ նման ածականներ գործածելու փորձութեան: Եթէ Քրիստոսի կեանքն ու ներգործութիւնը այնքան նշանակալից էին, որ արեւմտեան պատմութեան ժամանակագրութիւնը որոշէին, եւ այնուհետեւ ամէն ինչ նշուէր Քրիստոսէ «առաջ» եւ «ետք» սահմանումներով, ապա արեւմտեան արուեստին մէջ եւս կարելի է գտնել նոյնպիսի չափանիշ մը:

Համացանցի Համայնագիտարանին Մէջ

Չեմ կարծեր, թէ մէկը կրնայ ամբողջութեամբ հասկնալ Մանէի կարեւորութիւնն ու անոր ներգործութիւնը` պարզապէս կարդալով համացանցի Ուիքիփետիա հանրագիտարանին մէջ անոր վերաբերող գրութիւնը: Սակայն այս մէկը Մանէն ճանչնալու լաւ սկիզբ մըն է: Մանէ նոյնքան չէ ճանչցուած, որքան` բազմաթիւ այլ արուեստագէտներ: Անոր անունը շատ նման է Մոնէի եւ յաճախ կը շփոթուի անոր հետ: Եւ մինչ անոր արուեստի գործերը յաճախ ճանչցուած են իբրեւ նախատիպեր եւ կուռքի համազօր ստեղծագործութիւններ, անդին` ան նոյնքան չի յիշուիր, որքան` Լէոնարտոն, Միքելանճելոն, Պոթիչելլին կամ Պեռնինին:

Տպաւորապաշտ գեղանկարիչներու սիրահարներ նոյնիսկ զայն չեն ճանչնար նոյնքան արագ, որքան` Ռընուարը, Քասաթը, Սեզանը կամ Տեկան:

Մանէն հասկնալու համար անհրաժեշտ է գիտնալ հետեւեալները.

– Ե՞րբ ան յայտնուած է արուեստի աշխարհին մէջ:

– Ինչպիսի՞ օրէնքներ կ՛իշխէին արուեստի աշխարհին մէջ, երբ ան սկսած է գծել:

– Ո՞վ ազդեցութիւն գործած է անոր վրայ եւ ո՞վ էր անոր հիացումի առարկան:

– Որո՞ւ վրայ ազդեցութիւն գործած է ինք:

– Ինչպիսի՞ քաղաքական  հաստատումներ կատարած է իր ասպարէզին մէջ, աւելի ընդարձակած արուեստի աշխարհին մէջ եւ քաղաքականութեան մէջ ընդհանրապէս:

– Ինչպիսի՞ գեղարուեստական հաստատումներ կատարած է:

Մանէի Պատմութիւնը

Մանէի պատմութիւնը կը սկսի բազմաթիւ այլ պատմութիւններու պէս. ան մաս կը կազմէր բարեկեցիկ ընտանիքի մը, որ զինք կը մղէր իրաւաբանութիւն ուսանելու (կամ գէթ` յարգուած այլ ասպարէզ մը ընտրելու): Փոխարէնը` ան ընտրած էր ստեղծել յարատեւ պատկերներ:

Մանէէն առաջ արուեստի աշխարհին եւ արուեստի հովանաւորութեան մէջ տիրական էին նիւթական երկու գլխաւոր ուժեր. եկեղեցին եւ ազնուական խաւը: Եթէ թերթատենք արեւմտեան արուեստի վերաբերող գիրքեր, պիտի տեսնենք, թէ այս ուղղութիւնները սիրտ խառնելու աստիճան տիրական են: Քանի՞ անգամ կը տեսնենք Քրիստոսը` սարսափելի կերպով խաչուած` գորշ ամպերու տակ, վառ կարմիր կամ կապոյտ հանդերձանքով սգակիրներով կամ զինք հալածած անձերով շրջապատուած: Քանի՜-քանի թագաւորներու, թագուհիներու կամ հարուստ այլ անձերու դիմանկարներ կը տեսնենք` առանց ժպիտի, յայտնապէս` անհանգիստ ուղղաձիգ դիրքով կանգնած:

Մանէ ճամբորդած էր քաղաքէ քաղաք եւ առատօրէն տեսած էր այս բոլորը:

Սակայն ան յանդգնութիւնը ունեցած էր իր արուեստին ճամբով ցոյց տալու, թէ հաւանաբար ամէնէն գեղեցիկ բաները, զորս կ՛արժէ արուեստի ճամբով արձանագրել պատմութեան համար, սովորական եւ տիեզերական բաներն են: Այս նպատակը կ՛արտացոլայ հաւանաբար անոր ամէնէն հռչակաւոր գործին` «Ճաշ` խոտի վրայ» գեղանկարին մէջ:

Գեղանկարչութիւնը արուեստի ամէնէն ուշագրաւ միջոցն էր լուսանկարչութեան եւ նկարահանումի գործիքներուն յայտնաբերումէն առաջ: Մշակոյթներ եւ սերունդներ ամբողջ դիցաբանութիւններ, այլաբանութիւններ եւ գաղափարաբանութիւններ փոխանցուած էին գեղանկարչութեամբ: Մանէէն առաջ գեղանկարներ կ՛իրագործուէին «յատուկ նպատակով» մը` ծառայելով թագաւորին, պապին կամ պետութեան: Եւ ինչպէս կը տեսնենք աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր թանգարաններուն մէջ, գեղանկարիչներ գծած են եւ վճարուած` գլխաւորաբար ստեղծելու համար գործեր` իբրեւ զօրակցութիւն տիրող վարչակարգին կամ իրավիճակին: Մանէի ապրած ժամանակաշրջանին, եթէ արուեստագէտ մը որոշէր շեղիլ այս նպատակներէն կամ դէմ դնել այս նպատակներուն, ոչ միայն կը կորսնցնէր նիւթական զօրակցութիւն, այլ նաեւ կը դիմագրաւէր բանտարկութիւն, տուգանք, նոյնիսկ` սպանութիւն: «Խօսքի ազատութիւնը» քաղաքացիական իրաւունք մը չէր 19-րդ դարու Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ:

«Ճաշ` խոտի վրայ» գեղանկարին մէջ Մանէ կը ձգտի ցոյց տալ, թէ իր պատկերած անձերը «անցեալին» չեն պատկանիր: Գեղանկարն ու անոր մէջ պատկերուած անձերը պարզապէս այլաբանական-դիցաբանական կամ ուսուցողական տիպարներ չեն: Անոնք չեն պատկանիր թագաւորական, կրօնական կամ ազնուական խաւերուն: Մանէի գծած տարբերակին մէջ անոնք սովորական անձեր են, արդի հանդերձանքով, անոնց մարմինը կատարեալ չէ, անոնք կը մերկանան եւ կը վայելեն համադամ ճաշեր` բաց երկինքի տակ: Մանէի համար այս բաները պատկերելը այնպիսի բարձր մեկնակէտ մըն էր, որուն երբեւիցէ պիտի յուսար հասնիլ արուեստը:

Մանէի արուեստի գործերը կը հակասէին մեծ մասամբ հսկողութեան տակ պահուած եւ պաշտպանուած արեւմտեան արուեստի սահմանումներուն, թէ` «ի՞նչ բան կատարեալ է», «ի՞նչ բան գեղեցիկ է»: Մանէի արուեստի գործերը մտածել կու տան, թէ գեղեցկութիւնը գլխաւորաբար հարստութեան, դասակարգային պատկանելիութեան, զարդարանքի, մանրամասնութիւններու, արհեստավարժ իւրայատկութեան կամ կրօնական օրհնութեան արդիւնք չէ: Փոխարէնը` գեղեցկութիւնը կարելի է գտնել ոչ միայն «դիտողին աչքին մէջ», այլ` դիտողին տեսնելու, մեկնաբանելու եւ գեղեցկութիւնը վերստին արտայայտելու կարողութիւններուն: «Յետ Մանէի» արեւմտեան արուեստի պատմութիւնը մտածել կու տայ, թէ անոր տեսութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները յաղթանակած են գեղարուեստի վերաբերող բազմաթիւ վէճերու մէջ:

Մանէ ծնած էր տպաւորապաշտ գեղանկարիչներէ շուրջ 10 տարի առաջ: Թէեւ այս  մէկը երկար ժամանակահատուած մը չէ, սակայն բաւարար էր, որ ան ռահվիրայի դեր կատարէր անոնց համար եւ` բազմաթիւ այլ գեղանկարիչներու, որոնք պիտի յաջորդէին: Մանէի ազդեցութիւնը կրած են` Կոկեն, Փիքասօ, Հոփըր, Թուլուզ-Լոթրեք, Ռոմեն Պրուքս, Հոքնի, Վան Կոկ, Մոնէ:

Այս գեղանկարիչներուն եւ Մանէի գործերուն միջեւ նմանութիւնները ցոյց կու տան, թէ Մանէի առաջնահերթութիւններն ու զգացողութիւնները որդեգրուած էին, որովհետեւ արժանացած էին անոնց համակրանքին:

Մանէ մեծ վտանգներ դիմագրաւելով` դէմ դրած էր իր ժամանակներու արուեստի եւ քաղաքական կառոյցներուն: Ան մարտահրաւէր ուղղած էր իր ընտանիքին աւանդութիւններուն եւ արուեստի շրջանակներու մէջ տիրող աւանդութիւններուն: Հասակ նետած էր հարուստ ընտանիքի մը մէջ` հարուստներով շրջապատուած, սակայն այս բոլորը չէին տպաւորած զինք: Ան արուեստագէտի իր տաղանդը չէր տրամադրած փառաւորելու վերնախաւերը, անոնց ընկերային օրէնքները կամ կրօնական պատմութիւններ: Ան տուած էր իր օրինակը եւ շատեր ի վերջոյ պիտի հետեւէին իրեն:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES