Երաժշտական Բացառիկ Երեկոյ Մը
Գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը երեք երաժիշտներ` Լոռի Այնթապլեան` դաշնակահար, Էլէոնոր Շուլց (գերմանուհի)` ջութակահար եւ Շուշան Արթինեան` թաւջութակահար, հանրութեան հրամցուցին հոգեպարար երաժշտական բացառիկ երեկոյ մը, հինգշաբթի, 14 յունիս 2012-ի, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ:
Պատուելի Հրայր Չոլագեան բացման խօսքով եւ աղօթքով եռեակը հրաւիրեց բեմ:
Յայտագիրը կը ներկայացնէր առաջին հերթին Հենտըլի «Վայոլին սոնաթա ուիթ պասսօ քոնթինիյօ, երկ 1, թիւ 14»` չորս մասերով` ատաճիօ, ալլեկրօ, լարկօ եւ ալլեկրօ:
Երկրորդ կտորը` Մոցարթի դաշնակի եռանուագ թիւ 2, երեք մասերով` ալլեկրօ, ալտանթէ եւ ալեկրեթթօ:
Իսկ երրորդ նուագը` Շոփենի դաշնակի եռանուագ, երկ 8, առաջին մաս: Այս մէկը յայտնութիւն էր ներկաներուն մեծամասնութեան համար: Շոփենը ընդունուած է իբրեւ վիպապաշտ երաժշտութեան հսկաներէն, որուն յօրինումներուն մեծ տոկոսը դաշնակի համար գրուած է: Ներկայ երաժշտասէր հասարակութիւնը բարձր գնահատեց այս ելոյթը` երկար եւ խանդավառ ծափողջոյններով եւ իւրաքանչիւր նուագողին ծաղկեփունջ նուիրելով:
Երաժիշտները ցուցաբերեցին գերազանց եւ բարձր կատարողականութիւն` դաշնակահարուհի Լոռի Այնթապլեանը իր վարժ ճկունութեամբ, ձայնային ալիքաւորումներով, երկարաշունչ մենակատարումներով, ջութակահարուհի Էլէոնոր Շուլցը ինքնավստահ ու տիրական հնչեղութեամբ, իսկ երբ Շուշան Արթինեանի թաւջութակն էր տիրապետողը, իր գերազանց յուզականութեամբ, հոգիի լարերը կը թրթռային խայտաբղետ զգացումներով:
Յաջորդ օրը, 15 յունիս 2012-ին, նոյն նուագահանդէսը մատուցուեցաւ Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:
Յաջողութիւն կը մաղթենք երաժիշտներուն` յաջորդական ելոյթներու սպասումով:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

