ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդէս
Ուրբաթ, յունիս 22-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի նախակրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսն էր: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸ միութեան քայլերգները յոտնկայս լսելէ ետք, հանդիսատեսը հետեւեցաւ Նազարեան վարժարանի հայոց լեզուի երկարամեայ ուսուցչուհի Յասմիկ Տեմիրճեանի հանդիսութիւնը բացող խօսքին: Ան օրուան շրջանաւարտներուն փաղանգը Շուշիի քսանամեակի շրջանաւարտներ անուանեց` յոյս յայտնելով, որ անոնք ուսման այս շրջանը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք եւ ՀԲԸ միութեան ջամբած հայեցի դաստիարակութեան յստակ դրոշմը կրելէ ետք իրենց միջնակարգ ու երկրորդական ուսումը կը շարունակեն նոյն հարազատ յարկին տակ եւ փայլուն անհատականութիւններ ու լաւ հայեր կ՛ըլլան:
Շրջանաւարտներու խումբէն առաջինը բեմ բարձրացաւ Րաֆֆի Ճրճրեանը` կարդալու համար սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի նշանաւոր մարտակոչը, որ իր տեսակով այնքան կը յիշեցնէ զօրավար Վարդան Մամիկոնեանի Աւարայրի ճակատամարտէն առաջ արտասանուած կրքոտ, ոգեւորուած ու յաղթանակի հանդէպ հաւատով լի խօսքին:
Վարագոյրը դանդաղօրէն բացուեցաւ ու հանդիսատեսը տեսաւ, զգաց, որ օրուան հանդէսը նուիրուած էր Շուշիի մեծ յաղթանակին, հայոց պարծանք ու երկար սպասուած հերոսական յաղթանակին: Բեմի խորքին Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարի մեծադիր նկարն էր, վանքի դարպասի նշանաւոր հրեշտակը, Արցախի դրօշը, հայ մարտիկներն ու քառատող մը Շուշիի օրհներգէն:
Բեմին վրայ զետեղուած ցուցապաստառը կեանք առաւ Շուշիի ազատագրման վաւերական պատկերներով, հայ զինուորներու վարակիչ քաջութեամբ, իսկ մեր պատանի շրջանաւարտները հայաշունչ ու ոգեղէն խօսքեր արտասանեցին` ոգեւորելով իրենց ծնողները, բարեկամներն ու ուսուցիչները:
Անմիջապէս յետոյ հնչեց Արա Գէորգեանի «Արցախ» երաժշտութիւնը եւ այս անգամ օրուան հերոսները ապացուցեցին, որ իրենք ծանօթ են նաեւ հայկական պարի խրոխտ կամ նազելի շարժումներուն:
Այնուհետեւ տարբեր ելոյթներ իրարու յաջորդեցին: Ալեք Շիր Յակոբեանի կողմէ հնչեց Գ. Էմինի «Սփիք ափ Արմինիա»-ն, Րաֆֆի Ճրճրեանը ֆրանսերէնով ուղերձ կարդաց, շրջանաւարտներու ամբողջ խումբը արտասանեց Պ. Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը, իսկ յետոյ նաեւ Սպենդիարեանի «Երեւանեան էթիւտներ»-էն «Էնզելի»-ի գեղեցիկ հնչիւններուն տակ ամբողջ կազմը` քսաներկու հոգի, շնորհալիօրէն հայկական պար ներկայացուցին:
Քսաներկու շրջանաւարտները շարուեցան զինուորներու պէս` սպասելով հանդիսաւոր պահուն` վկայականներու բաշխումին, որ ի պաշտօնէ պիտի կատարէին ՀԲԸ միութեան կրթական յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Լիպարիտեանը, նոյն յանձնախումբի անդամ Արտա Եանըգեանը եւ ՀԲԸՄ վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեանը:
Վկայականներու բաշխման զուգահեռ, կարգ մը շրջանաւարտներ յատուկ յիշատակութեան արժանացան ու ըստ այնմ պարգեւատրուեցան ուսումնական տարուան ընթացքին արձանագրած իրենց գերազանց կամ յիշատակութեան արժանի արդիւնքներուն համար: Յատուկ նուէրներու եւ յիշատակութեան արժանի աշակերտները պարգեւատրելու համար բեմ հրաւիրուեցան հայոց լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհիներ Լուսին Թապագեանն ու Նոյեմի Թագւորեանը: Քանի մը սերունդ դաստիարակած ու պատուաւոր հանգստեան կոչուած շնորհաշատ մանկավարժներուն կրթական շարունակուող գործընթացներու մէջ ընդգրկելը վկայութիւնն է այն բանի, որ ՀԲԸՄ ղեկավարութիւնն ու ուսուցիչներու երախտապարտ աշակերտները միշտ կը յիշեն ու կը յարգեն իրենց նախորդները:
Շրջանաւարտներ Սարին Քէշիշեանն ու Վահագն Չըլտրեանը համապատասխանաբար արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով ուղերձներ կարդացին, այնուհետեւ Յասմիկ Տեմիրճեանը բեմ հրաւիրեց Նազարեանի նախկին շրջանաւարտ Մայք Կիրիթլեանը, որ հպարտութեամբ յիշեց, թէ նախքան համալսարանաւարտ ըլլալը, ուղիղ երեսուն տարիներ առաջ նոյն այս բեմին վրայ ինք նախակրթարանի իր վկայականը ստացած էր…
«Շատ բան փոխուած է այդ օրերէն ի վեր, բայց հրճուանքն ու ուրախութիւնը նոյնն են: Այս դպրոց-ամրոցը իր պահապանները ունի` նուիրուած տնօրէն եւ ուսուցչական անձնակազմ, եւ եթէ մենք թերանանք ու չգնահատենք այս իրողութիւնը, մեր ամրոցները կրնան պարապ շէնքերու վերածուիլ: Հայ մնանք ու հայ դպրոցի կողքին ըլլանք միշտ», ըսաւ Մ. Կիրիթլեան:
Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց Նազարեան վարժարանի տեսչուհի Ցոլինէ Էլմայեանը, որ շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու ծնողները` նշելով, թէ ընդհանրապէս կեանքի մէջ «Յաջողութեան փափաքը աւելի մեծ պէտք է ըլլայ, քան` ձախողութեան վախը»… Ան շեշտեց, որ դպրոցը իր կարելին ըրած էր հայեցի նկարագրի կերտման, հայեցի դաստիարակութեան ու ճշմարիտ քաղաքացիներ պատրաստուելու իր առաքելութեան մէջ եւ ամենայն բարիք մաղթեց պատանի շրջանաւարտներուն: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ ՀԲԸՄ Շրջանակային յանձնաժողովի, թէ՛ կրթական յանձնախումբի զոյգ կազմերուն եւ թէ՛ դպրոցի բոլոր ձեռնարկներուն օժանդակող տիկնանց եւ ծնողաց յանձնախումբերու անդամներուն:
Կապտազգեստ ու բեմին վրայ համբերութեամբ իրենց կարգին սպասող աշակերտները իրարու մօտեցան, խմբուեցան ու Նորա Եղիայեանին ղեկավարութեամբ երգեցին նախ «Շողա Շուշի» երգը, ապա Շուշիի ազատագրման 20-ամեակին առթիւ ստեղծուած Շուշիի օրհներգը:

