Մոսկուայի Եւ Ռուսիոյ Այլ Շրջաններու Բնակիչները Փութինի Հարցով Տարբեր Կարծիքներ Ունին Կ՛ըսէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»
Յուլիսի սկիզբը հրապարակուած են «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի կողմէ Ռուսիոյ մէջ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները, որոնք կը վկայեն Մոսկուայի եւ երկրի այլ շրջաններու տարակարծութեան մասին, կը գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը:
Հարցուածներուն 60 առ հարիւրը կը զօրակցի նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Իսկ Մոսկուայի մէջ անոնք ընդամէնը 38 առ հարիւրը կը կազմեն:
«Նման տարբերութիւնը կրնայ յանգեցնել լրջագոյն հետեւանքներու», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Ըստ թերթին, այդ հետեւանքները կախեալ են տնտեսական վիճակէն, որ կ՛անհանգստացնէ բնակչութեան մեծ մասը, եւ կեանքի ցուցանիշերուն իւրաքանչիւր վատացում կրնայ յանգեցնել այդ շրջաններու մէջ ժողովրդային բողոքի ցոյցերու:
Հարցումները ցոյց տուած են, որ մոսկուացիները առաւել լուրջ կը վերաբերին խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններուն թոյլ տրուած խախտումներուն, քան` մարզերու բնակիչները:
Մոսկուայի ու մարզերու տարբեր հայեացքներու հիմնական գործօնը այն է, որ հարցուածներուն մեծ մասը կը բնակի փոքր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, ուր մարդիկ լուրեր կը դիտեն միայն Քրեմլինի կողմէ վերահսկուող հեռուստաալիքներով: «Շատերը չունին համացանցային հասանելիութիւն, այդ իսկ պատճառով անոնք հաւանաբար չեն գիտեր ալ, թէ ո՛վ է Ալեքսէյ Նաւալնին (ընդդիմադիր գործիչ)», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Քաղաքական գիտութիւններու կեդրոնի վերլուծաբան Սերգէյ Միխէեւի կարծիքով, տնտեսական խնդիրները պէտք է առաւել երկար ու խոր տեւեն, որ «կարենան» փողոց հանել մարզերու բնակիչները:
Սակայն հարցուածներուն մեծ մասը կը կարծէ, որ Ռուսիա 2000-ին, Փութինի իշխանութեան գալէն ի վեր (Փութինի նախագահման առաջին ժամկէտը), ամրապնդած է իր դիրքերը միջազգային ասպարէզին մէջ:
ԹԵՐԹ.ամ

