Եգիպտոսի Դրացիները Կը Հետեւին Իսլամ Եղբայրներու Մուրսիի Բարձրացումին
ՄԱԿՏԻ ԱՊՏԸԼ ՀԱՏԻ
«Պի.Պի.Սի.»
Եգիպտոսի դրացիները խորապէս հետաքրքրուած են, թէ երկրի արտաքին քաղաքականութեան համար նոր նախագահութիւնը ի՛նչ կրնայ նշանակել:
Առ այժմ անոնք մտահոգուելու պէտք չունին. արտաքին քաղաքականութիւնը ամուր, հաստատ կերպով կը մնայ իշխող զինուորականութեան ձեռքերուն մէջ:
Եգիպտոսի քաղաքական նոր համակարգին ուրուագիծը տարեվերջէն առաջ կրնայ չյառաջանալ: Նոյնիսկ այդ ատեն նոր կառավարութիւնը տակաւին շատ զբաղած պիտի ըլլայ իր սեփական տունը կարգի դնելով:
Իսլամ եղբայրները խորամանկ, ճարպիկ գործնապաշտներ են եւ անոնք շատ լաւ կը գիտակցին, տեղեակ են, որ Եգիպտոսին համար իր սեփական, ներքին խնդիրները բաւարար են:
Այնպէս որ, քիչ հաւանական է, որ մօտիկ ապագային նկատելի փոփոխութիւն ըլլայ Եգիպտոսի արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ, բացի եթէ պարտադրուի աննախատեսելի հակամարտութեամբ մը, որ բացառուած չէ` նկատի առնելով շրջանի եռեւեփումը:
Իսրայէլեան Մտավախութիւն
Բայց այն պահէն, երբ Հիւսնի Մուպարաք տապալեցաւ, Եգիպտոսի բազմաթիւ դրացիներ Իսլամ եղբայրներու հզօրացման հետեւեցան տարբեր աստիճաններու տագնապով, մտավախութեամբ:
«Իսլամ եղբայրները… գաղտնի չեն պահած Իսրայէլի հանդէպ իրենց ատելութիւնը»:
Իսրայէլի համար, յատկապէս Գահիրէի նախագահական պալատին մէջ իսլամականի մը գոյութիւնը իրենց վատագոյն մղձաւանջն է:
Իսլամ եղբայրները (կազմակերպութիւնը, որուն անդամ էր նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսի, իր ամբողջ հասուն տարիքին ընթացքին, նախքան հրաժարիլը` նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար) գաղտնի չէ պահած Իսրայէլի հանդէպ իր ատելութիւնը:
Այս հարցին վերաբերեալ, ինչպէս միւս բոլոր իսլամականները, եւ նոյնիսկ բազմաթիւ աշխարհիկ ազգայնամոլներ, Իսլամ եղբայրները կտրականապէս ընդդիմացած են Եգիպտոսի խաղաղութեան` Իսրայէլի հետ ատիկա ընդունելով միայն իրենց անձնական շահերու գործնապաշտ մօտեցումով մը:
Առանց ատոր, գրեթէ անկարելի պիտի ըլլար իշխող զինուորականութեան զօրավարներուն` անոնց արտօնել որեւէ տեղ կառավարութեան աթոռին մօտ:
Նաեւ ծանօթ է, որ անոնք ամերիկացիները կրկին վստահեցուցած են (Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ աւելի քան 30 տարի առաջ Քեմփ Տէյվիտի համաձայնագիրները ստորագրուեցան Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ), որ յանձնառու պիտի մնան համաձայնագրերուն:
Բայց Մուրսի, կամ` իր Իսլամական արդարութիւն եւ ազատութիւն կուսակցութեան ոեւէ անդամ, երբեւիցէ պիտի ձեռնուի՞ իսրայէլացիի մը հետ:
Այս մասին ես հարցուցի Գահիրէի մէջ Իսլամ եղբայրներու բանբերին: Ան նշեց, որ իսլամականներուն գլխաւորելիք որեւէ ապագայ կառավարութիւն պէտք է նշանակէ արտաքին գործոց նախարար մը, որ կուսակցութենէն չէ:
Մոհամետ Մուրսիի ընտրութեան իսրայէլեան պաշտօնական արձագանգը չափուած եւ դիւանագիտական է: Բայց Իսրայէլ մօտէն պիտի հետեւի անոր, մասնաւորաբար տեսնելու համար, թէ ան ո՛վ պիտի նշանակէ արտաքին գործոց նախարար:
Կազայի հատուածը վերահսկող պաղեստինեան Համաս շարժումը, որ փաստօրէն եգիպտական Իսլամ եղբայրներու մէկ ճիւղն է, մեծ յոյսեր ունի: Բայց շուտով յուսախաբ պիտի ըլլայ, որովհետեւ Մուրսի պիտի զբաղի աւելի հրատապ ներքին հարցերով:
Մոհամետ Մուրսի
60 տարեկան, ամուսնացած, հայր` 4 զաւակներու:
- Կու գայ Շարքիա նահանգի Նեղոսի տելթայի գիւղէ մը:
- Միացեալ Նահանգներ ուսանած ճարտարագիտութեան դասախօս` Զակազիկի համալսարանին մէջ:
- Հասակ առած է Իսլամ եղբայրներու շարքերուն մէջ:
- Գնահատուած է իբրեւ երեսփոխան իր ճարտարախօսութեան համար:
- Մուպարաքի տապալումէն ետք նախագահը եղաւ Իսլամ եղբայրներու ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան:
Գաղթող Համայնքներ
Ուշադիր, մօտէն հետեւողներ են նաեւ Եգիպտոսի արեւելքը գտնուող հզօր եւ հարուստ դրացիները` Ծոցի թագաւորութիւնները, որոնց համար մօտիկ բարեկամ եւ դաշնակից Մուպարաքի տապալումը սեփական, անձնական կորուստ մըն էր. նոյնիսկ` հոգեբանական ցնցում մը, երբ նախկին նախագահը ի վերջոյ դատավարութեան ենթարկուեցաւ եւ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:
Ասիկա այն ձեւը չէ, որ Ծոցի տոհմական ցեղախումբերը կը վարուին իրենց մեծաւորներուն, առաջնորդներուն հետ:
Հակադրութեամբ մը, սակայն, Ծոցի պահպանողական իշխանաւորները բազմաթիւ ընդհանրութիւններ ունին Իսլամ եղբայրներու ընկերային պահպանողական հայեացքներուն հետ, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի իգական զգեստներու օրէնքին, կնոջ կարգավիճակին եւ անձնական ազատութիւններուն:
Բայց անոնք խորապէս զգուշ են Իսլամ եղբայրներու ընդունած, հաստատած կրօնական գործունէութիւններէն, որոնք բանալին էին անոնց ընտրական յաջողութեան:
Հաղորդուեցաւ, որ Ծոցի երկիրներու իշխանութիւնները առաւել զգօն կը դառնան, թէ ի՛նչ կ՛ընեն իրենց մօտ գտնուող եգիպտացի գաղթականներու բազմամարդ համայնքները, վախնալով, որ յեղափոխութեան «համաճարակ»-ը կրնայ տարածուիլ իրենց հասարակութիւններուն մէջ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, մասնաւորաբար, հաղորդուեցաւ, որ որդեգրած է սահմանափակող քաղաքականութիւն մը` եգիպտացիներու համար աշխատանքի արտօնագիր շնորհելու հարցին մէջ:
Անհաւանական է, որ «խնդրայարոյց եգիպտացիներէն» այդ վախը, մօտիկ ապագային չքանայ, որովհետեւ Եգիպտոսի մէջ կը շարունակուին իսլամականութեան տարածումն ու յեղափոխական քաղաքականութիւնները:
Սուրիոյ Հանդէպ
Քաղաքականութիւնը
Սակայն իսլամական Եգիպտոս մը (եթէ ատիկա երբեք դառնայ ամբողջովին բացայայտ իրականութիւն մը) շատ հաւանաբար պիտի խուսափի Ծոցի իշխանաւորները նեղացնելէ, անհանգստացնելէ:
Ան պէտք պիտի ունենայ ելեւմտական տագնապ դիմագրաւող, կանխիկ գումարներէ զրկուած եգիպտական տնտեսութեան մէջ անոնց ներդրումներուն: Գահիրէ նաեւ կ՛ուզէ, որ անոնց աշխատաւորական շուկաները բաց մնան միլիոնաւոր եգիպտացի երիտասարդ աշխատաւորներու համար, որոնք արտերկրի մէջ կը փնտռեն աշխատանքներ, զորս չեն գտներ իրենց հայրենիքին մէջ:
Ուրեմն, Մուպարաքի իշխանութեան տարիներուն արտաքին աշխարհին հետ Եգիպտոսի յարաբերութիւնները կազմած չորս հիմնական անկիւնաքարերն են.
– Ամուր կապեր` Արեւմուտքի հետ:
– Սերտ յարաբերութիւններ` Ծոցի պահպանողական թագաւորութիւններուն հետ:
– Խաղաղութիւն` Իսրայէլի հետ (թէեւ ցուրտ):
– Զսպում` Իրանի շրջանային ձգտումներուն:
Ասոնք սահմանուած են անփոփոխ մնալու, առնուազն` մօտիկ ապագային համար:
Բայց մէկ գետին, ուր անոնք փոփոխութիւն պիտի փորձեն, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն հանդէպ Եգիպտոսի քաղաքականութիւնն է: Իշխող զինուորական խորհուրդը եւ իր նշանակած երկու կառավարութիւնները, անցեալ 1,5 տարուան ընթացքին, ակներեւօրէն լուռ էին այդ դէպքերուն գծով:
Այստեղ Մուրսի եւ իր նոր կառավարութիւնը շատ հաւանաբար մղեն փոփոխութիւններ եւ նոյնիսկ բացայայտ աջակցութիւն` ըմբոստներուն, տրուած ըլլալով, որ այսպիսի քաղաքականութիւն մը Եգիպտոսը բախումի հունի մէջ չի դներ ո՛չ Արեւմուտքի, ո՛չ ալ Ծոցի թագաւորութիւններուն հետ, որոնք բացայայտօրէն կ՛աջակցին Ասատի վարչակարգին դէմ ապստամբութեան:



