«Յաւերժօրէն Քոյդ…». Սիրապատում (Հեղինակ` Ժագ Ս. Յակոբեան)

2012-ին, մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Արմէն ու Միմի Յարութիւնեաններու, Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յաւերժօրէն քոյդ…» խորագրեալ վիպաշունչ գործը, որ կը բաղկանայ 280 էջերէ:

Յիշեալ սիրավէպը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ երկու բաժինները. «Մութ ու լոյս…» ու «Ելա՛կ համբոյրներով»:

Առաջին բաժինը յուշագրութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի իր լուսաւոր եւ ստուերոտ կողմերով:

Սոյն բաժինով Ժագ Յակոբեան նմանութեան եզրեր կը հաստատէ Ծննդոց գիրքի Յակոբին եւ իր միջեւ այն հանգիտութեամբ, թէ երկուքն ալ կը մատնուին արգելքներու` ձեռք ձգելու համար իրենց սիրոյ էակները:

Արդարեւ, Իսահակի որդին` Յակոբ եօթը երկար տարիներ ծառայեց Լաբանին, մինչեւ որ կրցաւ տիրանալ անոր աղջկան` Ռաքէլին:

Իսկ Ժագ Յակոբեան դիմագրաւեց այլ նեղութիւններ` իր Ազատուհին ձեռք ձգելու համար: Այսինքն եգիպտական կառավարութեան պահանջով, Ժագ պարտաւոր էր անցընել արաբերէն լեզուի յաջող քննութիւն եւ ստանար արաբական պաքալորէան, որպէսզի կարենար  տիրանալ իր սիրոյ էակին: Ժագ չորս տարի համբերութեամբ ծառայելէ ետք պետական օրէնքին, յաջողութեամբ կը դիմագրաւէ ամէն տեսակ դժուարութիւն եւ կ՛ամուսնանայ իր սիրածին հետ:

Իր զգացական եւ վիպապաշտ կեանքին մէջ Ժագ ճակատագրապաշտ մը չեղաւ երբեք, այլ իր սեփական ջանքերով նսեմացուց ճակատագրին կողմէ իրեն արձակուած դառնակսկիծ ամէն վճիռ: Այս վճռակամութեամբ, 17 յունիս 1943-ին, իրենց սիրային կեանքի վաղ այգաբացին, այսպէս կը գրէր իր սիրածին. «… Ազատուհի՛, քեզ պիտի ունենամ օր մը անպայման. ա՛յս է մեր ճակատագիրը…»: Շնորհիւ նաեւ աստուածային բարեհաճ կամքին` կ՛իրականանայ Ժագ Յակոբեանին սիրոյ յիշեալ բաղձանքը:

Հատորին «Մութ ու լոյս» խորագրեալ բաժինով, որ ըստ էութեան նամակագրութիւն է, Ժագ կը բացայայտէ, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ կը ծաղկի ու կը կազմաւորուի իր սիրապատումը:

Կ՛ըսէ, թէ սոյն գիրքը ծնունդ կ՛առնէ 1942-ին, երբ Ժագ նամակով մը կը շնորհաւորէ Ազատուհի Սեւյօնքեանի ծննդեան տարեդարձը: Պարզ նամակով մը սկսած սոյն գործը տարուէ տարի բազմանալով նամակներու յաջորդական շարքով` կը հասնի մինչեւ 1958 թուականը ու կը վերածուի հատորի:

Ինչ կը վերաբերի իրենց ուսման մակարդակին, Ժագ եւ Ազատուհի յաճախած են Ազգային Գալուստեան վարժարանը, Ժագ մինչեւ չորրորդ կարգ, իսկ Ազատուհին` վեցերորդ կարգ: Ապա Ազատուհին ուսանած է քոյրերու «Փանսիոնա տիւ պոն Փասթէօր», իսկ Ժագը` «Քոլեժ տէ Ֆրեր» կաթողիկէ դպրոցներուն մէջ:

Յուշագրական բաժինով Ժագ կը յայտնէ, թէ Ազատուհին եղած է իր ներշնչման աղբիւրը, իր մուսան, որ զինք ոգեշնչած է զգացական խորաշունչ ապրումներով: Վկա՛յ` «Գաղտնի ճամբան» եւ «Մեղրալուսին» խորագրեալ քերթողագիրքը, զորս գրած է Ժագ իր սիրուհիէն ներշնչուած: Այս յղացքով, յատկանշական է Ազատուհիին իր ձօնած հետեւեալ սրտառուչ քնարերգութիւնը.

«Չնաշխարհի՜կ այն պահուն` ուր երանգներ կ՛երազեն
Պարտէզներուն մէջ խորունկ եւ ջուրերուն թաւշեղէն,
Հոգիի՛ս պէս տրոփուն իրիկուան մէջ` անձկահար
Սպասէի, ու չգա՜ր…»:

Ժագ Յակոբեան կը յուշագրէ անվարան այն սիրալիր պահերը, երբ Ազատուհիին հետ ձեռք ձեռքի կը պտտէր Նեղոսի ափին:

Կը յուշագրէ խանդավառութեամբ, տենդով եւ յուզումով Վահան Թէքէեանի, Նիկոլ Աղբալեանի, Յ. Օշականի, տոքթ. Երուանդ Խաթանասեանի, Գուրգէն Մխիթարեանի եւ ականաւոր այլ դէմքերու հետ իր ունեցած հանդիպումները` գրականութեան եւ արուեստի շուրջ:

Ժագ Յակոբեան կը նշանուի Ազատուհի Սեւյօնքեանի հետ, 1946 տարուան յուլիս ամսուն: Իսկ կը պսակուի տարի մը ետք, 29 յունիս 1947-ին, կիրակի օր, յետմիջօրէին ժամը 4:00-ին: Նոյն օրը, սուրբ պսակէն անմիջապէս ետք, նորապսակ զոյգը շոգեկառքով կը մեկնի Լիբանան` մայրիներու շուքին տակ վայելելու համար իր մեղրալուսինը:

Լիբանան իրենց կեցութեան շրջանին Ժագ եւ Ազատուհի կու գան Շթորա, ուր յարգանքի իրենց տուրքը կ՛ընծայեն այցելելով մեծանուն քննադատ Նիկոլ Աղբալեանին:

Հատորին երկրորդ բաժինով Ժագ Յակոբեան կը կատարէ խոստովանութիւններ իր խառնուածքին, նկարագրին եւ սիրային կեանքին առնչութեամբ: Այս յղացքով, խոստովանագիրք մըն է «Յաւերժօրէն քոյդ» խորագրեալ իր սիրապատումը, ուր Սուրբ Օգոստինոսի նման, Ժագ եւս կը քողազերծէ իր սրտին սիրամորմոք գաղտնիքները, ինչպէս կը պարզուի իր սիրածին ուղղուած հետեւեալ տողերով. «Առանց քեզի ապրելու հեռանկար մը զիս հիմակուց սարսափով կը համակէ: Զիս պէտք չէ թողուլ, Ազատուհի՛: Առագաստներս բացած եմ` յոյսով եւ իղձերով լեցուն, բայց ղեկս քեզի կը յանձնեմ, քեզի՛: Վարէ՛ զայն ուզած կերպովդ, ուղղէ՛ զայն` դժո՛խք թէ դրա՛խտ: Բա՛ւ է, որ հետս ըլլաս դուն, դո՛ւն, դո՛ւն…»:

Արդարեւ, այսքան խորունկ եւ այսքան հոգեպարար սէր բանաստեղծի խառնուածք ունեցող սիրահարներն են միայն, որ կրնան ունենալ: Այսքան անկեղծ եւ զօրեղ սէր անոնք միայն կրնան ունենալ, որոնք երբ Ժագ Յակոբեանի անխախտ վճռակամութեամբ կարենան վերածել սէրը անաւարտ երգի մը մշտնջենական վայելչութեան, զոր կը բացայայտէ Ժագ հետեւեալ պատկերաւոր մտածումով. «Օ՜, Ազատուհի՛ս, պիտի ապրինք միասին երկրո՛րդ «Մեղրալուսին» մը, աւելի ճիշդ` իրակա՛ն առաջին «Մեղրալուսին» մը, իրական` կեանքո՛վ ու քեզմո՛վ, որ սակայն բնաւ պիտի չաւարտի, չաւարտի հազար ու մէկ գիշերներուն պէս…»:

Պէտք է ըսել, որ Ժագի հոգեկան աշխարհը զգացական մշտահոլով ապրումներով կենսաւորող մղիչ ուժը հանդիսացաւ Ազատուհին, որուն շնորհիւ  Ժագ հարստացուց յետեղեռնեան քերթողական արուեստը` սիրային հոգեհաղորդ քնարերգութեամբ:

Ժագ գրեց շարունակ եւ տարիներու յարատեւ ջանքով դարձաւ սիրերգակ բանաստեղծ, որ վաղ տարիքէն մինչեւ խոր ծերութիւն երգեց սէրը իր բազմաբնոյթ եւ բազմերանգ ստորոգելիներով:

Այս առումով, «Յաւերժօրէն քոյդ» խորագրեալ սիրավէպը վարակիչ եւ տաք շունչով գրուած սիրերգութիւն մըն է, որ կը բարեխառնէ Ժագ Յակոբեանի կեանքի մայրամուտը` այգաբացի շողերով…

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Մարտ, 2012
Պէյրութ

 

Share this Article
CATEGORIES