Կեդրոնականցի Արմենակին Պատմածը «Տիւտիւկ»-ի Մասին
Հայերը, ո՛ւր որ ալ գտնուին, ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, ժողովներ կը գումարեն, վարչութիւններ կ’ընտրեն, որոնք կ’ունենան նախագահներ, ատենապետը չի բաւեր:
Կեդրոնականցին ժամանակ կը գտնէ երթալու եւ լսելու` իր մէջ ապրող հայուն հոգեկան սնունդ տալու համար: Կը պատմէ տեսածին եւ լսածին մասին: Անտարբեր չի կրնար մնալ: Միշտ նիւթ կայ, քանի որ հայ կեանքի շնչառական «ֆոլքլոր»-ին մաս կը կազմեն` ճաշկերոյթ-պարահանդէսները, դաշտահանդէս-պարտիզագնացութիւնները, «նշանաւոր երգիչներ»ու «թամ-թամ»-ները եւ մշակութային երեկոները:
Յունիսի արեւոտ եւ տաք կիրակի: Եկեղեցիին հանդիպակաց սրճարանը նստած էինք` սպասելով, որ Էլպիսն ու Մակարուհին իրենց հայ քրիստոնեայի պարտքը տան, ներկայ ըլլան նաեւ անծանօթ հանգուցեալի հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Կեդրոնականցիին խօսակիցը չի ձանձրանար: Ինչե՜ր կը տեսնէ, կը լսէ…
Բաժակ մը սուրճի առջեւ կը զրուցէինք, երբ սրճարան մտաւ փողկապ-բաճկոնով անորոշ տարիքով անձ մը:
– Մակա՛ր, կը ճանչնա՞ս ներս մտնողը,- հարցուց Արմենակ:
– Երբեմն կը հանդիպիմ:
– Լսա՞ծ ես բնաւ:
– Ո՛չ:
– Ամէն տեղ, ուր ձեռնարկ կայ, ներկայ է: Ամէն անգամ որ ներկաներուն ձայն տրուի, անպայման կը խօսի: Ժողովներու ալ հանդիպած եմ: Ամէն բանի մասին կարծիք ունի:
– Է՜, թող խօսի, Արմենա՛կ, խօսքի ազատութիւն կայ:
– Դեռ օր մը դրական խօսք չէ ըսած: Ամէն բանի եւ անձի մասին քննադատութիւն ունի` քահանայէն առաջնորդ, խմբագիրէն գրող, տօնական օրերու ճառախօսէն մինչեւ յաջորդ օրուան թղթակցութիւն գրողը:
– Լաւ է, դեռ լսող եւ ընթերցող կայ ուրեմն: Այդ ալ բան մըն է:
Արմենակ այսքանով բաւարարուողը չէր: Շարունակեց:
– Հետաքրքրուեցայ, թէ ո՞վ էր, ի՞նչ կ’ընէր: Կը կոչուի Ահարոն: Կիրակնօրեայ դպրոց գացած է, սաւան-վերմակ կը ծախէ, հայերէն թերթ կը կարդայ: Իմաստունի պէս կը յայտարարէ, որ մեր ղեկավարները բան չեն գիտեր, մեր գրողները թուղթ կը մրոտեն, մեր նկարիչները կ’ընդօրինակեն, մեր երիտասարդները փճացած են:
– Եթէ այսքան բան գիտէ եւ այսքան խելացի է, ինք ի՞նչ կ’ընէ եւ ի՞նչ ըրած է:
– Ըստ զինք ճանչցողներուն, ոչի՛նչ: Դժգոհ է, որ մարդիկ իր արժանիքները չեն գնահատեր: Նոյնիսկ մակդիր մըն ալ փակցուցած են իրեն, կ’ըսեն «ընկեր տիւտիւկ», քանի որ ֆութպոլի իրաւարարի պէս, սուլիչը բերանէն վար չի ձգեր, միշտ կը սուլէ, մէկը լաւ չի խօսիր, միւսը լաւ չի գրեր, ուրիշ մը պարկեշտ չէ: Իսկ ինք կը նմանի ամուլ արգանդով կիներու, ժողովրդական բառով` չբեր, շատախօս եւ անպտուղ:
– Գիտե՞ս ինչ, «տիւտիւկ»-ները մաս կը կազմեն մեր «ֆոլքլոր»-ին: Բայց որովհետեւ ձանձրացողներուն խօսակցութեան նիւթ կը հայթայթեն, անոնք կը շարունակեն իրենց արուեստը, որ մեր այնքան գեղեցիկ «տուտուկ»-ին հետ պէտք չէ շփոթել:
– Մակա՛ր, այս մէկը սաւանը եւ վերմակը կը շփոթէ քաղաքականութեան, գրականութեան եւ կրթութեան հետ: Մարդիկ չեն խօսիր, ինչպէս մէկը ըսաւ, «ցեխին քար չնետել»-ու համար:
Պոլսեցիի պէս ըսաւ` «չամուր»…
Մակար, ի Գաղիա, յամի Տեառն 2 յուլիս 2012

