Նոր Գիրքերու Հետ. «Քաղաքներու Կախարդանքը» – Բ. Հատոր (Հեղինակ` Մարզպետ Մարկոսեան)
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Իր եռահատորին առաջինին լոյս ընծայումէն 4 տարի ետք, Մարզպետ Մարկոսեան վերջերս, դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի հրատարակչատան հետ գործակցաբար, լոյս ընծայեց շարքին երկրորդ հատորը, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Քաղաքներու կախարդանքը – եռամաս դիտարկումներ – Բ. նիւեորքցիները»:
Ինչպէս առաջին հատորին մեծ մասը, այս հատորը հաւաքածոյ մըն է յօդուածներու, վերլուծական-գրախօսական գրութիւններու, հարցազրոյցներու եւ դիմաստուերներու, որոնք կը տարածուին աւելի քան 30 տարիներու վրայ, այսինքն` գրութիւններ, որոնք արձանագրուած են 1979-2011 տարիներուն: Առաջինը ընդգրկած էր հեղինակին կեանքի առաջին հանգրուաններուն` Պէյրութի ու Պոսթընի ժամանակահատուածները, այս մէկը, ինչպէս կը թելադրէ խորագիրը, նիւեորքեան հանգրուանը ունի իբրեւ առանցք, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ նիւթերը միայն Նիւ Եորքին կը վերաբերին:
Հատորը կը բացուի հեղինակին կողմէ երախտագիտական երկու արտայայտութեամբ, ուղղուած` հատորին լոյս ընծայումը քաջալերողներուն ու հրատարակման աշխատանքին նպաստ բերողներուն: Այնուհետեւ, աւելի քան 600 էջերու մէջ, հեղինակը ինը բաժիններու մէջ հաւաքած է յիշեալ տարիներուն լոյս տեսած կամ գրուած յօդուածներ, յուշագրական ու խոհական գրութիւններ, որոնց մեծ մասը լոյս տեսած է մեր պարբերական մամուլին մէջ` «Դրօշակ», «Հայրենիք», «Ասպարէզ», «Պայքար», «Յառաջ», «Հորիզոն» եւ ուրիշներ:
Հատորի ընթերցումին համար կարեւոր բանալի է այն, որ յիշեալ տարիները` ուշ 70-ականներէն մինչեւ գրեթէ այսօր, մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը, զուգահեռաբար նաեւ մեր գաղութները ապրեցան պատմական թուականներ. այդ իրադարձութիւնները մեր պատմութեան մէջ արձանագրուած են` հայկական պահանջատիրութիւն, Հայաստանի երկրաշարժ, արցախեան շարժում, Հայաստանի անկախութեան վերահաստատում ու անոր հետեւած բազմահանգրուան եւ բազմաբնոյթ դէպքերու խորագիրներուն տակ, մեր եկեղեցւոյ դիմագրաւած հարցերը եւ այլն: Թէեւ ասպարէզով գիտնական ու գիտաշխատող` Մարզպետ Մարկոսեան ունեցած է եւ մինչեւ այսօր ալ ունի հանրային-ազգային կեանք, այսինքն ուղղակի եւ անուղղակիօրէն մասնակից է հայութեան հանրային անդաստաններու աշխատանքներուն, անոնք ըլլան գրական-գեղարուեստական, հասարակական թէ ուսումնական: Ան միայն լուռ աշխատող մը չէ, այլ, ինչպէս կը վկայեն այս հատորին (նաեւ նախորդ, ու հաւանաբար նաեւ յաջորդելիք հատորներուն) բովանդակութիւնները, ան արձագանգած ու անդրադարձած է պատմական դէպքերու, իրադարձութիւններու, դրական ու անհաճոյ զարգացումներու, ունի կարծիքի յստակ գիծ: Անոր գրիչը արձագանգ կ՛ըլլայ Հայաստանէն արտագաղթի աղէտին, հակադաշնակցական արշաւներուն, մեր եկեղեցւոյ միասնութեան հարցին, նաեւ կ՛ոգեկոչէ պահանջատիրական ուժական արարքները` անցեալի թէ աւելի մօտիկ ժամանակներուն:
Հատորը ունի մէկէ աւելի արժէքներ ու արժանիքներ: Անիկա նախ եւ առաջ ունի վաւերագրական արժէք, որովհետեւ մէկտեղուած յօդուածներն ու գրութիւնները ընթերցողին կը յուշեն հանգրուաններ ու անոնց մանրամասնութիւնները, որոնք կրնան տասնամեակներու թաւալքին հետ դալկանալ յիշողութեանց մէջ, կամ, այլապէս, այսօր, տարիներու հեռաւորութենէն կարելի է աւելի պարզ աչքով դիտել-դատել. մանաւանդ` այն իրողութիւններն ու զարգացումները, որոնք կապ ունին հայրենիքի կեանքին հետ, առանց արհամարհելու գաղութները: Վերլուծումներն ու դիտարկումները կատարուած են տուեալ դէպքի կամ դիպաշարի անմիջական իբրեւ հակազդեցութիւն-արձագանգ եւ կը ցոլացնեն Մ. Մարկոսեանի մտածումներու աշխարհը: Կարելի է վիճելի գտնել այս կամ այն դատումը, թերեւս հեղինակն ալ կրնայ որոշ մանրամասնութիւններու մասին այսօր զարգացուցած ըլլալ տարբեր կարծիք, սակայն հիմնական գիծերը կը մնան անշեղ, իսկ անոնց աղբիւրը` հայրենասիրութիւնն ու մեր պատմութեան հաւատարմութիւնն են հիմնականին մէջ:
Նման հաւաքածոներու կարեւոր մէկ արժանիքը, հետեւաբար, այն է, որ տարիներու ընթացքին արձանագրուած գիրը կը մէկտեղուի նոյն ծածկին տակ ու հեղինակէն մինչեւ ընթերցող` առիթ կու տայ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու խնդրոյ առարկայ հարցերուն, տագնապներուն կամ բաւարարութիւն առթող իրականութիւններու վրայ, մինչդեռ, այլապէս, ընթերցողը պէտք էր երկար թափառէր մամուլի հաւաքածոներու էջերուն:
Այլ արժանիք մըն է հեղինակին լեզուն. ընթերցողը պիտի նկատէ, որ Մարզպետ Մարկոսեան ըմբոշխնած է մայրենիին քաղցրահամ բաժակը ու համաձայն չէ, որ հայերէնին հարուստ բառամթերքը բանտուած մնայ բառարաններու կամ ընտրեալ հատորներու մէջ: Տակաւին, քաղաքական, գրական վերլուծումները, ծանօթ կամ նուազ ծանօթ անհատներու դիմաստուերները կը ներկայացուին մերթ վերամբարձ, երբեմն ալ բանաստեղծական հրայրքով. նման յախուռն արտայայտչաձեւ կայ նաեւ քննական-քննադատական էջերու մէջ, որոնք կը կարդացուին վարակիչ հաճոյքով:
Դիմաստուերները, որոնք կը ներկայանան գրախօսականներու, անձնական տպաւորութիւններէ քաղուած էջերու թէ մահագրութեանց ճամբով, նմանապէս ուշագրաւ են, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի Վազգէն Ա., Գարեգին Ա. կաթողիկոսներուն, Թորգոմ արք. Մանուկեանին, Յովհաննէս Թումանեանին, Շահան Նաթալիին, Զահրատին, Սուրէն Մանուէլեանին, Վահրամ Մաւեանին, Համօ Սահեանին, Վահագն Դաւթեանին, Վազգէն Էթեէմեզեանին ու նման դէմքերու:
Բոլոր գրութիւններն ալ կը կրեն հրատարակման թուականը: Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ կարգ մը գրութիւններ թուղթին յանձնուած են աւելի կանուխ, քան` հրատարակման թուականը, իսկ մէկ քանին լոյս կը տեսնեն ուղղակի այս հատորի կողքին տակ:
Բաղդատմամբ առաջին հատորին, երկրորդին սրբագրութիւնը եղած է աւելի խնամուած, գրաշարական սխալներու առումով (պէտք է նշել, որ մեր նորագոյն հրատարակութիւնները յաճախ այս իմաստով բաւական անխնամ դուրս կու գան տպարաններէ ու հրատարակչատուներու մեծ մասէն, որոնք յայտնապէս պէտք չեն զգար նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու սրբագրումին): Այսուհանդերձ, այս հատորն ալ որոշ տուրք տուած է այս «ախտ»-ին` յիշեցնելով, որ թերթի կամ գիրքի հրատարակման աշխատանքին մէջ սրբագրութեան գործը ամէնէն ապերախտ բաժինն է… Ի սրտէ պիտի ուզէինք այս ախտէն ձերբազատած տեսնել մեր հրատարակութիւնները:
Ինչպէս որեւէ հատոր, այս գործն ալ լոյս կը սփռէ հեղինակին անհատականութեան ու նկարագրային կարգ մը գիծերուն վրայ, որոնք այլապէս կրնային անծանօթ մնալ անձնական պարզ ծանօթութեան ճամբով: Կը մնայ մաղթել, որ շարքին երրորդ համարը նուազ ուշացումով լոյս աշխարհ գայ:

