Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանան – Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ սուրիական բազմաթիւ թնդանօթներ դիրք բռնած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր յարաբերութիւնները վերադարձած են իրենց բնականոն վիճակին: «Մեր միջեւ գժտութիւն չկայ եւ ես Ռայի պատրիարքին պիտի այցելեմ, երբ ապահովական պայմանները ձեռնտու ըլլան», ըսաւ Ժահժահ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ փակած է Ազգային երկխօսութեան նիստին էջերը` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մինչեւ 24 յուլիս որոշում մը տուած պիտի ըլլան այս գծով:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը մտածէ հրաժարելու մասին, եթէ կառավարութեան վիճակը մնայ նոյնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր կոչ ուղղեց Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու: «Մենք կարիքը ունինք իշխող եւ որոշումներ տուող կառավարութեան», ըսաւ Ժապեր:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու հարցին լուծումը ճամբու վրայ է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի պատգամը Սուրիոյ նկատմամբ զօրակցական կեցուածք կը նկատուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը լրջօրէն կը սերտեն Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու կամ չմասնակցելու կարելիութիւնները:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Սուրիոյ մէջ Քոֆի Անանի ծրագիրին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել Սուրիոյ եւ շրջանին ապահովական կայունութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդունեց Դիմադրութեան զօրակցող խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի միակ թշնամին Իսրայէլն է` աւելցնելով, որ Լիբանան ներքին թշնամիներ չունի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ կան նախարարներ, որոնք մեղսակցած են իր դէմ գործուած մահափորձին: Ան աւելցուց, որ այդ նախարարները ճիգ չեն խնայեր` քանդելու Լիբանանի պետականութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ անցնող օրերուն արձանագրուած շարժումները` ճամբաները փակելու իմաստով, ինքնաբուխ չէին: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան բանակը բոլոր լիբանանցիներուն է:
ՆՈՐԸՆՏԻՐ երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն նպատակն է քանդել Լիբանանը եւ գործել լիբանանցիներու շահերուն դէմ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ խորհրդարանական մեծամասնութեան ուժերուն միջեւ տարակարծութիւնները պիտի չհասնին անոնց միասնականութիւնը խոցելու աստիճանին:

