Ուահապ. «Կառավարութիւնը Ամչցաւ Դամասկոսի Պայթումը Դատապարտելէ»
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամչցած է դատապարտելու Դամասկոսի մէջ կատարուած պայթումը` աւելցնելով սակայն, որ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որ յանդգնութիւն ունեցաւ դատապարտելու ահաբեկչական այդ քստմնելի արարքը:
«Յիշեցման կարգով կը շեշտենք, որ նախանցեալ օրուան պայթումին զոհ գացած պատասխանատուները Լիբանանին տուած են շատ բան, բաղդատած իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ լիբանանցի պատասխանատուներուն տրամադրած օժանդակութիւններուն», ըսաւ Ուահապ:
CATEGORIES Լիբանանեան

