Ռամատանի Առիթով` Հանրապետութեան Միւֆթին Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Շահերը Պաշտպանելու

Միւֆթի Քապպանի լիբանանցիներուն կ՛ուղղէ Ռամատանի պատգամը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայէն փոխանցեց ռամատան ամսուան սկզբնաւորման առիթով իր պատգամը, որուն մէջ ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն աշխատելու ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն եւ հեռու մնալու անձնական շահերէն:

Միւս կողմէ, Քապպանի հաստատեց Լիբանանի ազգային միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ Տար Ֆաթուայի կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի այն յայտարարութիւններուն, որոնք կը վերաբերէին սպաննուած շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ իր յայտարարութիւններով զօր. Աուն չարիք գործած է իսլամներուն, յատկապէս իսլամ կրօնաւորներուն նկատմամբ:

Տար Ֆաթուա շեշտեց, որ ոչ մէկուն արտօնուած է իսլամ կրօնաւորին պատկերը աղաւաղել կամ նահատակ շէյխ մը իբրեւ փտած կրօնաւոր ներկայացնել:

Share this Article
CATEGORIES