Զօր. Քահուաժի. «Այսուհետեւ Բանակը Լուռ Պիտի Չմնայ Իր Դէմ Ուղղուած Բարոյական Ցեխարձակումներուն Դիմաց»

Զօր. Քահուաժի իր պատգամը կ՛ուղղէ բարձրաստիճան սպաներուն

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի սպայակոյտին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ շրջանի դիմագրաւած զարգացումները, յատկապէս Սուրիոյ իրադարձութիւններն ու Լիբանանի դժուարութիւնները լիբանանեան բանակին կողմէ արտակարգ ջանքերու կարիք ունին` շրջանցել կարենալու համար այդ դժուար հանգրուանը, նուազագոյն վնասներ արձանագրելով:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ամէնէն աւելի պատասխանատու է պահպանելու լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը եւ արգիլելու, որ շրջանային դէպքերը իրենց ազդեցութիւնը ունենան Լիբանանի վրայ:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է զգուշանալ տիրող պայմաններէն եւ մնայուն կերպով զգաստ ըլլալ պաշտպանելու Լիբանանի հարաւային սահմանները` իսրայէլեան որեւէ ներխուժումի դէմ, Լիբանանի դէմ իսրայէլեան մնայուն սպառնալիքներուն ծիրին մէջ:

Ան շեշտեց, որ բանակը պէտք է պահպանէ նաեւ լիբանանեան սահմանները եւ պաշտպանէ երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ` արգիլելով զէնքի եւ զինամթերքի մաքսանենգումը, ինչպէս նաեւ կրակոցները:

«Բանակը իր դէմ գործուած որեւէ յարձակումի դէմ անմիջապէս պիտի հակադարձէ», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Բանակի հրամանատարը շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան առումով արձանագրուած քաղաքական տարակարծութիւններն ու ոմանց կողմէ բանակը դատապարտումի եւ քննադատութեան թիրախ դարձնելը` ընտրական թէ անձնական շահերու շրջագիծին մէջ, ոչ մէկ կերպով պիտի ազդեն բանակին միասնականութեան, զինուորներուն տրամադրութեան ու կորովին, ինչպէս նաեւ հայրենիքին նկատմամբ անոնց հաւատարմութեան վրայ:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակի հրամանատարութիւնը յանձնառու մնացած է իր աշխատանքին եւ լուռ ու նախանձախնդիր կերպով գործած է` առանց բանակը ապարդիւն բանավէճերու մէջ մխրճելու:

«Սակայն յետայսու բանակը լուռ պիտի չմնայ իր դէմ ուղղուած բարոյական ցեխարձակումներուն դիմաց` ոեւէ պատասխանատուի կամ որեւէ լրատուամիջոցի կողմէ նման օրինակ ամբաստանութիւններ կամ ցեխարձակումներ կատարուելու պարագային», յայտնեց ան:

Զօր. Քահուաժի աւելցուց, որ դժբախտաբար ոմանք բանակին լռութիւնը տկար կէտ նկատած են եւ ոչ թէ իմաստութիւն:

«Բանակը յանձնառու է, որ լիբանանեան ներքին հարցերը չբարդանան, որովհետեւ կան շրջանային աւելի լուրջ ապահովական զարգացումներ եւ իսրայէլեան հաւանական նոր ներխուժումներ: Բանակը բոլոր լիբանանցիներուն հաւասարապէս եւ արդարութեամբ կը մօտենայ, ինչպէս նաեւ կը պահէ իր համոզումները եւ ազգային դերակատարութիւնը», եզրափակեց զօր. Քահուաժի:

 

Share this Article
CATEGORIES