Մարտ 14-ի Ուժերը Որոշեցին Առկախել Իրենց Մասնակցութիւնը Ազգային Երկխօսութեան Նիստին

Նախագահ Սլէյման եւ Ժեմայէլ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ յառաջիկայ երեքշաբթի օր կատարուելիք Ազգային երկխօսութեան նիստին նախապատրաստութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց Մարտ 14-ի քաղաքական անձնաւորութիւններէն պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց ընտրական նոր օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Երէկ երեկոյեան Մարտ 14-ի ուժերը որոշեցին առկախել իրենց մասնակցութիւնը յառաջիկայ երեքշաբթի օր տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին, մինչեւ այդ մասնակցութեան համար անհրաժեշտ պայմաններու ապահովումը, ինչպէս` հեռաձայնային հաղորդակցութեանց տուեալներու յանձնումը, պահանջուածներուն վրայէն քաղաքական ծածկոյթի վերացումը, սպառնալիքի ենթակայ քաղաքական գործիչներուն համար ապահովական լուրջ երաշխիքներու տրամադրումը եւ ապաւինիլը սահմանադրութեան, ինչ որ կը հաստատէ պետութեան առաջնակարգ դերակատարութիւնը Լիբանանի պաշտպանութեան առումով:

Share this Article
CATEGORIES