Իպրահիմովիչ Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի

Պատրաստուելու համար Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանին եւ փորձելով իր ֆութպոլիստները լաւապէս պատրաստել անոր` մայրաքաղաքի կազմը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, կը շարունակէ նորեկ մարզիկներով օժտել իր կազմը` անոնց համար ծախսելով հսկայական գումարներ:

Անոր միացող վերջին մարզիկը եղաւ Ա. Սէ. Միլանի եւ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Զլաթան Իպրահիմովիչ, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Լիկ-1»-ի խումբին հետ:

Թէեւ Սեն Ժերմեն ճշգրիտ գումար մը չտուաւ, թէ 30 տարեկան մարզիկին համար որքա՛ն գումար վճարեց, սակայն իր կազմին միացնելով Իպրահիմովիչը, անիկա նոր տարեշրջանին նախօրեակին ծախսած եղաւ աւելի քան 100 հազար եւրօ:

Նախքան Իպրահիմովիչի փոխանցումը, Սեն Ժերմեն իր կազմին միացուց պրազիլցի յետսապահ Թիակօ Սիլվան, արժանթինցի յառաջապահ Էզեքուիել Լաւեցցին եւ իտալացի միջնապահ Մարքօ Վերաթթին (Փեսքարայէն, Իտալիա):

Մայրաքաղաքի կազմի նախագահ Նասեր Խալիֆէ ըսաւ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն բացի, բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ պիտի արձանագրենք նաեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ալ:

Նշենք, որ խումբին նոր մարզիչն է Քարլօ Անչելոթթի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES