Թուր Տը Ֆրանս». Ուիկինզ Մեծ Քայլ Մը Առաւ Դէպի Տիտղոս
Երէկ` հինգշաբթի, 19 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումը` Պանիեր տը Լիւշոնէն Փէյրակիւտես (143,5 քմ): Անիկա աւարտեցաւ սպանացի Ալեխանտրօ Վալվերտէի յաղթանակով. վերջինս ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 4 ժամ 12′ 11 արդիւնք մը: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին անգլիացիներ Քրիսթոֆըր Ֆրում եւ Պրետլի Ուիկինզ` 19″ ուշացումով:
3-րդ դիրքը գրաւելով` Ուիկինզ մեծ քայլ մը առաւ դէպի տիտղոս:
Ուիկինզ, որ ցարդ արձանագրած է 78 ժամ 28′ 02″ արդիւնք մը եւ իր մօտ կը պահէ դեղին շապիկը, եթէ մնայ նոյն այդ դիրքին վրայ, պիտի հանդիսանայ առաջին անգլիացին, որ կը տիրանայ «Թուր տը Ֆրանս»-ի տիտղոսին:
CATEGORIES Մարզական


