Ջրագնդակ. Տիգրան Սիմոնեան` Միջազգային Կարգի Իրաւարար

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ջրագնդակի (Ուոթըր-Փոլօ) մարզիչ Տիգրան Սիմոնեան միջազգային կարգի իրաւարարի կոչում ստացած է` ջրային մարզաձեւերու միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ:

Սիմոնեան, որ ներկայիս Չինաստանի Հոնկ Քոնկի աղջկանց ջրագնդակի խումբին մարզիչն է, ջրագնդակի անուանի հայ մարզիչ, միջազգային կարգի իրաւարար Բեմիամին Սիմոնեանի զաւակն է:

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ջրացատկի ֆետերասիոնէն` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ Բենիամին Սիմոնեան իր կարգին իբրեւ մարզիչ աշխատած է Հոնկ Քոնկի, ինչպէս նաեւ Մալեզիոյ մէջ` ըլլալով անոնց խումբերու հաւաքականին մարզիչը: Այժմ ան եւս մարզիչ է Հայաստանի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES