Ճատրակ. Արշակ Պետրոսեան` Աշխարհի Լաւագոյն Մարզիչը
Armchess.am ճատրակի լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ ՖԻՏԷ-ի մարզիչներու յանձնախումբը Հայաստանի տղոց ճատրակի ազգային հաւաքականի մարզիչ Արշակ Պետրոսեանը ընտրեց 2011 տարուան աշխարհի լաւագոյն մարզիչը եւ անոր շնորհեց Միհայիլ Պոթվիննիքի մետալը:
Պետրոսեանի գլխաւորած Հայաստանի տղոց հաւաքականը նախորդ տարի Չինաստանի Նինկպօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան տիրացաւ առաջնութեան:
Կրանտմասթըրի կոչում ունեցող Արշակ Պետրոսեան երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛ընտրուի աշխարհի լաւագոյն մարզիչ: Ան այդ կոչումին տիրացած էր 2008-ին, երբ Հայաստանի հաւաքականը երկու անգամ հանդիսացած էր ողիմպիականի ախոյեան:
«ԱԶԴԱԿ» կը շնորհաւորէ Արշակ Պետրոսեանը` այս մեծ յաջողութեան համար, որ մեծ պատիւ մըն է հայութեան:
CATEGORIES Մարզական


