Նշմար. Դուին Մումջողլեանէն Կ՛Ակնկալուի` Լոնտոնէն Վերադառնալ Մետալով Մը
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 27 յուլիսէն 12 օգոստոս Անգլիոյ մայրաքաղաքը` Լոնտոն, պիտի հիւրընկալէ 2012-ի Ամառնային ողիմպիականի խաղերը, որոնց ընթացքին պայքարը պիտի ըլլայ բաւական սուր` մասնակցող երկիրներուն մարզիկներուն միջեւ, որոնք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն եւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն իրենց երկրին համար ապահովելու մետալներ, ինչ տեսակի ալ ըլլան անոնք:
Լիբանան եւս բնականաբար կը ցանկայ Լոնտոնի մէջ մետալի (կամ մետալներու) տիրանալ` շնորհիւ իր մարզիկներուն: Թէեւ անոնք մատի վրայ կը հաշուըուին, սակայն անոնց վրայ դրուած են մեծ յոյսեր:
Լիբանանահայութեան յոյսերը կապուած են Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի ախոյեան, ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբին մաս կազմող մարզիկ Դուին Մումջողլեանի վրայ, որմէ ամէն գնով կ՛ակնկալուի մետալ մը:
Եթէ կարգ մը այլ մարզիկներ ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցին յատուկ հրաւէրով (ինչ որ ընդհանրապէս կը ճանչցուի իբրեւ ճերմակ քարտ), անդին Դուին Մումջողլեան իր տոմսը ապահովեց մասնակցելէ ետք զտումի մրցումներուն:
Ասկէ բացի, ան Լիբանանէն հանդիսացաւ առաջին մարզիկը, որ ապահովեց ողիմպիականի իր տոմսը, երբ 19 հոկտեմբեր 2011-ին Օմանի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ զտումի մրցումներուն 12 երկիրներու մէջ (Իրաք, Սուրիա, Յորդանան, Պաղեստին, Եմէն, Պահրէյն, Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Քուէյթ, Օման, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ բնականաբար` Լիբանան) գրաւեց առաջին դիրքը` յաղթելով իր բոլոր մրցակիցներուն:
2002-2012 տարիներուն ժամանակամիջոցին ան կատարեց 16 տարբեր տեսակի բանակումներ` հսկողութեամբ տարբեր ազգերու մաս կազմող անուանի եւ փորձառու շարք մը մարզիչներու:
Լիբանանեան տարբեր տեսակի մրցաշարքերու եւ ախոյեանութիւններու մասնակցելէ եւ տիտղոսներու տիրանալէ բացի, ան տիրացած է նաեւ Գահիրէի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին (2009), ինչպէս նաեւ Ամսթերտամի (2012) եւ Պուլկարիոյ (2012) մէջ տեղի ունեցած Եւրօ-հայկական մրցաշարքերուն տիտղոսներուն:
21 յուլիս 1989-ին ծնած Դուին Մումջողլեան իր փոքր տարիքէն երազած է ողիմպիականի մետալի մը տիրանալ: Ան այժմ այդ նպատակէն միայն քայլ մը հեռու է, որովհետեւ ողիմպիականի տոմս մը ապահովողը ամէն գնով յոյս կ՛ունենայ մետալի մըն ալ տիրանալու:
Բնականաբար, պատահականօրէն չէ, որ ան կը մասնակցի ողիմպիական խաղերուն: Անոր կատարած այս իրագործումին ետին կը կանգնին շատեր, որոնցմէ առաջինը` անոր հայրը` Րաֆֆի Մումջողլեան, որ երկար տարիներ եղած է Լիբանանի ախոյեան:
Ապա յաջորդաբար անոր ակումբը` ՀՄԸՄ Պէյրութ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, անշուշտ չմոռնալով նաեւ` Լիբանանի մարզական լրագրողները:
Այժմ, Դուին Մումջողլեանէն կ՛ակնկալուի իրագործել պահանջ մը` ԼՈՆՏՈՆԷՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՄԵՏԱԼՈՎ ՄԸ:

