Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Այցելութիւնը «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի չորեքշաբթի, 18 յուլիս 2012-ին, այցելեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն:
Երեսփոխանը ջերմօրէն ընդունուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին կողմէ, որ ողջունելով մեծայարգոյ հիւրը` կարեւոր նկատեց հայ համայնքի ղեկավարներուն կողմէ տրուած նման պարբերական այցելութիւնները, որոնք գաղութին մէջ իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան մարդասիրական եւ հայակերտման գործին մէջ: Ան մեծ հաճոյքով յիշեց տարի մը առաջ երեսփոխան Բագրատունիի հաստատութիւն տուած այցելութիւնը, որ արդիւնքն էր համագործակցութեան, կապերու առաւել ամրապնդման եւ հայկական բարեսիրական հաստատութիւններու հանդէպ ունեցած նախանձախնդիր հետաքրքրութեան:
Այնուհետեւ ան Յ. Բագրատունիի ներկայացուց հաստատութեան վերջին ծրագիրներն ու արձանագրած զարգացումները: Այս առնչութեամբ յատկապէս նշեց ամառնային դպրոցի ծրագիրը, որ կը նպաստէ շրջանի հայ մանուկներու խաղաղ եւ արդիւնաւէտ արձակուրդի մը կայացման:
Ապա երեսփոխան Բագրատունի եւ հաստատութեան տնօրէնը ուղղուեցան հաստատութեան տարբեր բաժանմունքները, Յ. Բագրատունի խօսեցաւ պարագաներուն հետ, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուեցաւ անոնց առօրեան յուզող հարցերով:
Հանդիպումէն ետք Յակոբ Բագրատունի շրջեցաւ դասարանները, ծանօթացաւ աշակերտներուն եւ կատարեց իր բարեմաղթութիւնները` յոյս յայտնելով, որ ապագային իրենց դրական ներդրումը ունենան գաղութի կեանքին մէջ:
Աւարտին երեսփոխանը հանդիպում մը ունեցաւ հաստատութեան տնօրէնութեան եւ ընկերային ծառայողներուն հետ, արծարծուեցան Լիբանանի մէջ հայ համայնքի զաւակները յուզող հարցերը. իւրաքանչիւր ընկերային ծառայող ներկայացուց իր բաժանմունքին կատարած ծառայութիւններն ու հարցերը: Յ. Բագրատունի իր կարգին տուաւ հարկ եղած թելադրանքներն ու իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց բարեսիրական այս հսկայ ծառայութեան գործին:

