Բամբասա՞նք, Թէ Բանն Ասանկ. Հայախօս Աղախիններ

Օտարազգի երեք աղախիններ` հնդիկ մը, սրիլանքացի մը եւ եթովպիացի մը Անթիլիասի մէկ ճամբեզրին կայնած կը զրուցեն… հայերէնով, որովհետեւ հնդիկը եթովպիացիին լեզուն չի գիտեր, ոչ ալ սրիլանքացին` միւսներուն լեզուն:

Հայ ընտանիքներու մէջ յիշեալ աղախինները սորված են հայերէն, որ այս ղարիպ ծառայողները փրկած է մեկուսացումէ: Հայոց լեզուն զանոնք միացուցած է: Հայերէնը անտեսող մեր հայրենակիցները ի՛նչ կ՛ըսեն արդեօք նման իրողութիւններու ի լուր:

Հայերէն Նորոյթ Բառ Մը.
Ձգուիլ, Ձգուեցանք

Վերջին տարիներուն մեր հասարակութեան շուրթերուն վրայ շատ կը լսուի բառ մը, որ բամբասանք չէ, այլ` իրականութիւն: Ամուսնալուծումները բազմացած են դժբախտաբար: Այս երեւոյթը ներկայիս կը կոչուի ՁԳՈՒԻԼ: Այսինչը եւ այնինչը ձգուեցան: Պէտք է հասկնանք` ամուսնալուծուեցան: Ո՞վ հնարած է այս բառը, չենք գիտեր, բայց յաջողած ըլլալ կը թուի, որովհետեւ ընդհանրացած է եւ դարձած է «ժողովրդական» բառ մը: Մոռցուած են ապահարզան կամ ամուսնալուծում բառերը… Աստուած օգնէ մեր ժողովուրդին եւ մեր լեզուին:

Զանգել, Զանգէ, Զանգեցի

Հեռաձայնային խօսակցութեան մասին նոր բառեր հնարուած են: Արեւմտահայերէնով ցարդ օգտագործած մեր հեռաձայնել բառը փոխուած է: Փոխարէնը` հրաւիրուած է ԶԱՆԳԵԼ արեւելահայերէն բառը: Այս բառը այնքան շատ կը լսուի Հայաստանի պատկերասփիւռներէն, ուրկէ ներկայացուած ֆիլմաշարերուն (սերիալներուն) դերասանները անդադար կ՛ըսեն իրարու` «Զանգիր ինձ», կամ` «զանգեցի»: Մոռնալու վրայ ենք «հեռաձայնել» բայը իր խոնարհումով:

Զբաղ Է

Զրոյցներու կամ կապի պարագային կը լսենք ԶԲԱՂ բառը: Օրինակի համար, կը խնդրենք գրասենեակի մը կամ դպրոցի մը քարտուղարութենէն, հեռաձայնին պատասխանատու պաշտօնեայէն կը խնդրուի խօսիլ այսինչ անձին հետ: Եթէ այդ ուզուած անձը զբաղած է գործով մը, կամ պարզապէս հեռաձայնի վրայ կը խօսի այլ անձի մը հետ, հեռաձայնին պատասխանող պաշտօնեան կ՛ըսէ.

– Զբաղ է, քիչ ետք զանգեցէք…

ԶԲԱՂ պոչատ բառն ալ ճարպիկ մէկը ստեղծած է, որպէսզի մոռնանք զբաղած է, զբաղուած է բառերը:

Կը խնդրուի մոռնալ այս նոր բառը, որովհետեւ հայերէնի մէջ նման կտրատուած բառ չունինք: Կը խնդրուի պահանջելու պէս…

Արեւմտահայերէնը ա՞յս ձեւով կը պաշտպանենք: Ո՞ւր մնացին հայագիտութեան մեր հիմնարկները: Չե՞նք տեսներ կատարուած աղճատումները, մեր ոսկեղնիկին դաւաճանողները:

«ԲԱՄԲԱՍՈՂ»

 

Share this Article
CATEGORIES