«Էս Պատերում Իմ Քրտինքը Կայ»

ԱՅՐՈՒՁԻ

Երկար ժամանակէ ի վեր թերթերն ու բոլոր լրատուական միջոցները ամբողջ աշխարհի տարածքին կը խօսին Հայաստանի անօրինակ արտագաղթին մասին: Դժբախտաբար այնքան ցաւալի իրականութիւն մը դարձած է, որ մարդիկ չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս դարման մը պիտի գտնեն: Անշուշտ այս աղէտին մասին, անկախ Հայաստանի պետութենէն, ամէն մարդ կը մտածէ:

Հայաստան այցելութեանս ընթացքին տարբեր եւ հակառակ բեւեռի մը հանդիպեցայ, որ կ՛ուզեմ գրի առնել (հաւանաբար լաւ օրինակ մը կ՛ըլլայ ընթերցողներուն համար):

«Զուարթնոց» օդակայանին մօտ, գիւղի մը մէջ, Գասպար Մանուկեան անունով երիտասարդ մը երեք զաւակներ ունէր (վերջերս լսեցի, թէ նոր զաւակով մը եւս պիտի բախտաւորուի): Գիւղը պէտք եղած ձեւով չէ օժտուած գիւղատնտեսական եւ ճարտարապետական լաւ դրութիւններով այնքան, որ ինքնաշարժը դժուարութեամբ կ՛ընթանայ կանոնաւոր ճամբաներու չգոյութեան պատճառով, գիւղացիին հողամշակութիւնը անտանելի կը դառնայ… եւ այլն: Տակաւին չեմ ուզեր խօսիլ պետութեան կողմէ սահմանուած տուրքերուն մասին, որոնք ուղղակի մարդուն վիզը նեղ օղակի մէջ կ՛անցընեն: Գիւղին դժուարութիւնները իրապէս հասկնալու համար, կը կարծեմ, որ մարդ պէտք է երթայ եւ անգամ մը տեսնէ:

Հակառակ այս դժուարին կացութեան` Գասպարին ընտանիքը բազմանդամ է, որովհետեւ իրեն հետ նաեւ կ՛ապրին հայրը, մայրը եւ քոյրը: Անոնք կը զբաղին հողամշակութեամբ, անասնաբուծութեամբ եւ քիչ մըն ալ` առեւտուրով: Երիտասարդ հայրը կը պատմէր իր ապրած կեանքին մասին, թէ` որքան դժուար էր գիւղին մէջ ապրիլը: Բայց ծրագիրներ ունէր, ուրիշ զաւակներով իր տունը օրհնելու եւ իր գործունէութիւնը աւելի եւս ընդարձակելու: Անոր խօսքերէն հետաքրքրական բաժին մը զիս շատ տպաւորեց.

– Ուզում եմ արտասահման երթամ, ման գամ, աշխատեմ, բայց անպայման տուն վերադառնամ: Էս տունը ես եմ սարքել: Էս պատերում իմ քրտինքը կայ, ես ո՞նց կարամ լքել ու հեռանալ: Ծրագիր ունեմ էս տունը սարքելու, նորոգելու: Ի՛նչ էլ լինի` դժուարութիւններն Աստուծմով յաղթահարուելու են:

Զարմացած նայեցայ երիտասարդ հօր դէմքին եւ սկսայ մտքիս մէջ բաղդատական մը կատարել: Մայրաքաղաքի մէջ ապրող հայրենի քաղաքացիներ վստահաբար այսքան դժուար պայմաններու մէջ չեն ապրիր, բայց կը լքեն իրենց անուշ հայրենիքը, իսկ միւս կողմէ` գիւղացի մը, որ ամէն դժուարութիւն կը կրէ իր հայրենիքին համար, աւելի հեռանկարային կերպով եւ ունեցածը ընդարձակելու մասին կը մտածէ:

Վերջապէս, անբնակելի վայր մը չէ Հայաստանը, պարզապէս հողի հանդէպ կապուածութիւնն ու կամքը անհրաժեշտ են: Բնականաբար հանրապետութեան մտահոգութիւնն ու այս ուղղութեամբ աշխատանքը չափազանց կարեւոր են: Շատ փափաքելի պիտի ըլլայ, եթէ զգալի դառնայ, թէ  արդէն Խորհրդային Միութեան օրերը անհետացած են, եւ նոր պետութիւն մը կը ղեկավարէ երկիրը: Բայց դժբախտաբար մարդիկ Խորհրդային Միութեան օրերը կը փնտռեն: Լաւատեսութիւն կա՞յ… Կը յուսանք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES