50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 15ԱՊՐԻԼ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԹԻՖԼԻՍԻ ՀԱՅԵՐԷՆ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐԸ

ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՒ ՎՐԱՑԻՆԵՐՈՒ ԴԱՐԱՒՈՐ ԿԱՊԸ

Վրաստանի մատենադարանին մէջ գտնուող հայերէն ձեռագիրներուն ցուցակը, զոր կազմած է Սամսոն Լալաֆարեան, լոյս տեսաւ վրացի ակադեմական Ի. Ապուլածէի խմբագրութեամբ:

Ձեռագիրները, որոնց թիւը կը հասնի շուրջ երեք հարիւրի, հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը հաղորդեն Հայաստանի եւ Վրաստանի մասին:

Մատենադարանին եւ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ գտնուող հայերէն 25 հազար ձեռագիրներէն աւելի քան քսան հազարին մէջ կարելի է տեղեկութիւններ քաղել Վրաստանի մասին:

Պատմահայր Խորենացի, Փաւստոս Բիւզանդ Եզնիկ Կողբացի եւ այլ հայ պատմիչներ իրենց երկերուն մէջ ընդգծած են երկու ժողովուրդներուն դարաւոր կապը:

Աւարայրի պատմական ճակատամարտէն առաջ, ինչպէս կը վկայէ Եղիշէ, Վարդան Մամիկոնեան բանակցութիւններ կը վարէ վրացիներուն հետ, որոնք կը խոստանան օգնել հայերուն` պարսիկներուն դէմ մղուող ազատագրական պայքարին մէջ:

ԺԲ. դարուն հայերէնի թարգմանուած է «Վրաց պատմութիւնը», իսկ ԺԳ. դարու հայ ժամանակագիր Մխիթար Այրիվանցիին «Պատմութիւն ժամանակագրականի» մէջ, այլ ցուցակներու կարգին, պահպանուած եւ մեզի հասած է վրացի թագաւորներուն ցուցակը:

Հայկական աղբիւրները բաւական շատ եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կու տան Թիֆլիսի մասին, ուր հայեր սկսած են բնակիլ Թ. դարէն սկսեալ: Ժ. դարու արաբ աշխարհագիր Ալ. Մուքադդառի վկայութեամբ, Դուին մէկ քանի թաղեր ունեցած է, որոնցմէ մէկը կը կոչուէր Թիֆլիս:

ՀԱՅԵՐԸ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆ ՇԱՀԱԾ ԵՆ ՎՈՒԼԻՉ
ՔՈԼԵՃԻ «ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱԲԱԹ»ԻՆ ՄԷՋ

Անգլիոյ գրեթէ բոլոր համալսարանները գեղեցիկ սովորութեամբ մը ամէն տարի «Միջազգային շաբաթներ» կը կազմակերպեն, որոնց ընթացքին իւրաքանչիւր ազգի ուսանող-ուսանողուհիներ կը ներկայացնեն իրենց ազգային մշակոյթը, գրականութիւն, պար, երգ եւ այլն:

Այս տարի, փետրուարի վերջերը, Անգլիոյ Վուլիչ քոլեճի «Միջազգային շաբաթ»ը տեղի ունեցած է: 12 ազգերու ուսանողները մասնակցած են այդ հանդէսներուն – Անգլիա, արաբական երկիրներ, Յունաստան, Հնդկաստան, Ափրիկէ, Իրան, Ղանա, Նիկերիա, Փաքիստան եւ հայերը:

Ցուցահանդէսի հայերու բաժինը` կահաւորուած հայ ուսանողներուն կողմէ, կը ներկայացնէր հայ անուանի դէմքերու նկարներ: Պատկերներու կողքին շարուած էր Հայաստանի եւ արտասահմանի հայ մամուլը, կար նաեւ հնութիւններու բաժինը, սափորներ, տուֆ քարի վրայ փորագրուած խաչ մը, ձեռագործներ, 300 տարուան հնութիւն ունեցող ձեռագիր աւետարան եւ հայկական գորգ մը: Այս բոլորին վրայ կը ծածանէր հայ ժողովուրդի անկախութեան եւ պետականութեան խորհրդանիշ եռագոյնը: Առաւօտէն մինչեւ իրիկուն հայերէն սալերը կը սփռէին հայկական երաժշտութիւնը, իսկ ուսանողները այցելուներուն կը բաժնէին մեքենագրուած փոքրիկ գրքոյկներ, հայ լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի, զարթօնքի եւ յեղափոխական շարժումներու ծանօթութիւններով: Հայ ուսանողները բերանացի ծանօթութիւններ կու տային նաեւ այցելուներուն:

Երկրորդ բաժինը տեղի ունեցած է մարտ 3-ին: Ներկայացուեցան հայկական տարազով գեղջկական պարեր եւ ժողովրդական երգեր, հինգ զոյգ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու կողմէ: Ներկաներուն եւ դատաւորներուն կարծիքով հայկական բաժինը առաջնութիւնը խլած է:

Share this Article
CATEGORIES