ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԸ

Չինաստանի Ազգային թանգարանը, չորս տարուան վերանորոգութեան աշխատանքներէ ետք, անցեալ ամիս բացաւ իր դռները:

ՊԷՅՃԻՆԿԻ ՄԷՋ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԻՐ ՓԱՌԱՀԵՂ ԲԱՑՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՅԵԱՑՔԸ Կ՛ՈՒՂՂԷ 18-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ: ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ԱՅՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ, ՈՒՐ 22 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԲԱՆԱԿԸ ԿՐԱԿԵՑ ՑՈՒՑԱՐԱՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ: ԱՐԴԵՕՔ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ՈԳԵԿՈՉՈՂ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ ՓԱՌԱԲԱՆԵԼՈՎ` ՉԻՆԱՍՏԱՆ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻ ԴԷՊԻ ՆՈ՞Ր ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒ Կ՛ՈՐԴԵԳՐԷ ՆՈ՞Ր ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ: «ՏԻ ԱՐԹ ՆԻՒԶՓԷՅՓԸՐ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՏՆՏԵՍԱՊԷՍ ՀԶՕՐԱՑՈՂ ՉԻՆԱՍՏԱՆԸ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ԻՆՔՆԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍԵՓԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՄԸ: (ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍԸ, ՈՐ ԿԸ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ, ՏԵՍՆԵԼ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԹԻՒՈՎ):

Պահ մը երեւակայենք, թէ 1.3 միլիառ ժողովուրդ հաշուող եւ հետզհետէ զօրացող համաշխարհային գերուժ մըն ենք: Երեք տասնամեակ շարունակ աշխատելով` կերտած ենք 5 թրիլիոն տոլար հաշուող տնտեսութիւն մը եւ արդիականացուցած` մեր ենթակառոյցները: Այժմ կը վերաբանանք մեր ազգային թանգարանը, ուր կը պատմենք մեր պատմութիւնը մեր քաղաքացիներուն եւ այցելուներուն, վերանորոգութեան եւ ընդարձակումի չորս տարուան աշխատանքներէ ետք, որոնք զայն վերածած են աշխարհի ամէնէն հսկայական թանգարանին: Կառոյցին սիւնազարդ վիթխարի մուտքը կը նայի մայրաքաղաքին պատմական կեդրոնական հրապարակին. սրբազան վայր մը, ուրկէ կ՛արձագանգեն ոչ շատ հեռաւոր անցեալի տխուր յիշողութիւններ: Հետեւաբար, ինչպիսի՞ բնաբան մը պիտի ընտրէինք միջազգային մեր առաջին ցուցահանդէսին համար:

Պէյճինկի Թիանանմենի հրապարակին վրայ Չինաստանի Ազգային թանգարանին ընտրած բնաբանը եւրոպական լուսաւորութեան դարն է:

Ընտրութիւնը յախուռն է եւ` ճիշդ ժամանակին: 1970-ական տարիներու վերջերէն ետք Չինաստան իր շլացուցիչ վերածաղկումին յար եւ նման նախընթացը կը տեսնէ ընկերային, գիտական եւ իմացական հորիզոններու այն ծաղկումին մէջ, որ ցնցեց 18-րդ դարու Եւրոպան եւ հիմը դրաւ արդի ժամանակներու բնորոշ այն հաստատութիւններուն, զորս կը փայփայենք, ներառեալ` թանգարաններ եւ օրաթերթեր, որովհետեւ Չինաստան գիտէ, որ դրական թէ ժխտական դասեր ունի սորվելիք բանականութեան դարէն: «Այս ցուցահանդէսը շատ յատկանշական է Չինաստանի համար: Անիկա կը ծառայէ խորացնելու միջազգային աշխարհի իր հասկացողութիւնը, ինչպէս նաեւ` ճանչնալու եւ ընդունելու մշակութային իր սեփական արժէքները», կ՛ըսէ թանգարանին ընդհանուր տնօրէնը` Լու Ճանկշեն:

«Լուսաւորութեան արուեստը» վերնագիրով ցուցահանդէսը կը գրաւէ վերանորոգուած թանգարանին միջազգային մշակոյթի նուիրուած շուրջ 2787 քառ. մեթր տարածութեամբ պատկերասրահներուն գրեթէ ամբողջութիւնը: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի ամբողջ տարի մը: Անիկա յատկանշական է ոչ միայն իր բնաբանով, այլ նաեւ` կազմակերպութեան ձեւով եւ արդիւնք է մշակութային դիւանագիտութեան բացայայտ յաջողութեան:

Չինաստանի նախագահ Հու Ճինթաօ եւ Գերմանիոյ նախագահ Քրիսթիան  Վուլֆ ցուցահանդէսին պաշտօնական հովանաւորներն են: Միատեղ ցուցահանդէս մը կազմակերպելու գաղափարը ծնունդ առած է, երբ գերմանական թանգարաններու տնօրէններ պետական հովանաւորութեամբ շրջապտոյտ մը կատարած են դէպի Չինաստան: Ցուցահանդէսը մաս կը կազմէ 2005-էն ի վեր երկու երկիրներուն միջեւ սկիզբ առած մշակութային շարք մը փոխանակումներուն, որոնց նպատակն էր փոխհասկացողութիւն գոյացնել: Անոր մանրամասնութիւնները ծրագրուած են չինական իշխանութիւններուն եւ Տրեստենի, Միւնիխի եւ Պերլինի պետական թանգարաններուն համակարգերուն գործակցութեամբ: Այս հաստատութիւնները միասնաբար 579 արուեստի գործեր, գիտական գործիքներ եւ տարազներ փոխ տուած են Չինաստանի Ազգային թանգարանին: «Կը նմանի երեք կամ չորս հսկայական նաւեր մէկ շարքով շարելու,- կ՛ըսէ Տրեստենի թանգարաններուն ընդհանուր տնօրէն Մարթին Ռոթ:- Սակայն արդիւնք կու տայ»:

Միջազգային բազմաթիւ թանգարաններ այս օրերուն կը ձգտին գործակցիլ Չինաստանի հետ: Սակայն ցուցահանդէսին առիթով կատարուած փոխանակումին դիւանագիտական շեփորումը իրադարձութիւնը կը դնէ այլ մակարդակի մը վրայ: Ցուցահանդէսին առնչուած հանդիսութիւններուն պայմանագրութիւնները ստորագրուեցան 2007-ին` Չինաստանի խորհրդարանին մէջ, որ կը գտնուի Թիանանմենի հրապարակին վրայ, Ազգային թանգարանին դիմաց, ինչպէս նաեւ 2009-ին` Պերլինի վարչապետարանին մէջ, ներկայութեամբ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Չինաստանի վարչապետ Ուեն Ճիապաոյի: Ծրագիրը իր պատուոյ տեղը գտաւ 2010-ին հրապարակուած չին-գերմանական դիւանագիտական յայտարարութեան մը մէջ, որ կը վերաբերէր երկու երկիրներուն մարտավարական գործակցութեան: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շուրջ 6.6 միլիոն եւրօ յատկացուց ծրագիրին գործադրութեան: Երկրին փոխ վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարը ներկայ եղան ցուցահանդէսին բացումին, որ տեղի ունեցաւ ապրիլ 1-ին:

Գերմանիոյ դերակատարութիւնը շատ աւելի անդին կ՛երթայ արուեստի գործեր փոխ տալէ: 380 միլիոն տոլար արժած թանգարանին վերաձեւաւորումը կատարած է Համպուրկի մէջ հաստատուած Ֆոն Կերքան, Մարկ էնտ փարթնըրզ արքիթեքց (Ճի. Էմ. Փի.) ճարտարապետական ընկերութիւնը: Ինքնաշարժի «Պի. Էմ. Տապըլեու» ընկերութիւնը ստանձնած է վերանորոգութեան հովանաւորութիւնը: Գերմանիոյ ամէնէն մեծ սեփական հիմնարկներէն` Սթիֆթունկ Մերքաթոր պիտի հիւրընկալէ շարք մը մասնագիտական դասախօսութիւններ, որոնց համար պիտի ծախսէ 1.2 միլիոն եւրօ: Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութեան մշակութային համաշխարհային ցանցը` Կէօթէ հիմնարկը, պիտի կազմակերպէ դաստիարակչական հանրային ձեռնարկներ: Երբեւիցէ մշակութային նման փառահեղ փոխանակումներ տեղի չեն ունեցած Չինաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ, նոյնիսկ` ինքնին իրենց մասնակցութիւնը բերող գերմանական թանգարաններուն միջեւ:

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ ՄԸ

Արդեօք ցուցադրուած ո՞ր իրը լաւագոյն կերպով կ՛արտայայտէ ցուցահանդէսին պատգամը: «Լուսաւորութեան դարը» ցուցահանդէսին Տրեստենի կազմակերպիչը` Քորտուլա Պիսքհոֆ առանց տատամսելու մատնացոյց կ՛ընէ դիմաստուեր մը` ցուցահանդէսին առիթով լոյս տեսած պատկերագիրքին մէջ: Գործը կը վերագրուի Եոհան Հայնրիխ Լիփսի եւ կը պատկերէ ֆրանսացի փիլիսոփայ Վոլթերը, բռնած` կանթեղ մը, որ իր լոյսը կ՛արձակէ պատկերին շրջանակէն դուրս: «Ան բռնած է լոյսը եւ այցելուն կ՛առաջնորդէ ցուցասրահներէն դուրս,- կը բացատրէ Պիսքհոֆ:- Ասիկա կը խտացնէ ամէն ինչ»: Չինաստանի Ազգային թանգարանին մէջ անոր գործակիցը` Չեն Եու, գլուխը կը շարժէ հաւանութեամբ: «Այս պատկերը լուսաւորութեան ժամանակաշրջանի փոխաբերութիւն մըն է,- կ՛ըսէ ան:- Եւրոպական լուսաւորութեան դարը կը շարունակէ իր ներգործութիւնը ունենալ մարդոց վրայ, աշխարհի տարածքին ամէն տեղ: Չինաստանի ժողովուրդը կը շարունակէ քաղել անոր պտուղները»:

Բաւական ճիշդ է ասիկա: Չինաստանի մէջ Լուսաւորութեան դարուն ներգործութիւնը շատ աւելի խոր է, քան ինչ որ կը տեսնենք:

Գեղեցիկ արուեստները, ինքնին լուսաւորութեան դարուն մէկ ծնունդը, ամբողջութեամբ կ՛արտացոլէին 18-րդ դարու Եւրոպայի փոփոխուող համայնապատկերը, ինչպէս` թագաւորական պալատներուն փարթամութիւնը, հանրային ոլորտին յայտնութիւնը, գիտական յառաջդիմութիւնները, պատմութեան, բնութեան եւ հեռաւոր վայրերու հմայքին գիտակցութիւնը, կրօնի եւ նախապաշարումներու հարցադրումը, ինքնութեան շատ աւելի անհատապաշտ մօտեցումը, եւ այս բոլորին զուգահեռ` հոգեբանական պատրանաթափ եւ աննպատակ վիճակներու մռայլ գոյութիւնը, որ իրեն հետ կը բերէր արդի կեանքը: Բանականութեան դարը արուեստը կ՛օժտէր ոչ միայն թարմ նիւթերով, այլ նաեւ` նոր նպատակներով եւ կազմակերպութեամբ: Անիկա արուեստագէտը կ՛ոգեկոչէր իբրեւ ինքնիշխան տեսլապաշտ մը եւ ականատես կը դառնար հանրային նոր հաստատութիւններու ծնունդին, ինչպէս` ցուցադրասրահներ, համերգասրահներ եւ արուեստի քննադատութիւն, որոնք բոլորն ալ կը շարունակեն գծել արուեստի եւ հանդիսատեսի միջեւ կապին օրէնքները:

Լուսաւորութեան ժամանակաշրջանի այս իւրաքանչիւր երեւոյթը կը հետազօտուի Պէյճինկի ցուցահանդէսին տարբեր բաժանմունքներուն մէջ, որոնք կ՛ընդգրկեն ուշագրաւ գործեր Ուաթոյէն, Պուշէէն, Քանալեթթոյէն, Փիրանեզիէն, Հոկարթէն եւ Կոյայէն: Ամէն բանէ աւելի ցուցահանդէսը իրերու միջոցով պատմութիւն ուսուցանելու փորձ մըն է: «Նախ պէտք էր գտնէինք գաղափարները, ապա` անոնց յարմարող իրերը», կը բացատրէ Չեն Եու: Այսպէս` Վալընթայն Կրինի «Թռչունի վրայ փորձ` օդի ճնշումի գործիքի մը մէջ» գեղանկարը (իրագործուած` 1768-ին), որ բերուած է Պերլինէն, ցուցադրուած է Տրեստենի հաւաքածոներէն բերուած անգլիական օդածծիչ գործիքի մը նկարին կողքին` պատկերելու համար արհեստագիտական յատկանշական զարգացում մը: Մարի-Կապրիէլ Քափէի «Սթիւտիոյի տեսարան» գործը (իրագործուած` 1808-ին), որ բերուած է Միւնիխէն, կը պատկերէ երկու կին գեղանկարիչներ, ինչ որ մտածել կու տայ արուեստի եւ հանրային կեանքի մէջ կիներու աւելի տիրական ներկայութեան մասին:

Անկասկած, որ այս պատկերներէն ոմանք տարաշխարհիկ կը թուին չինական թանգարանի մը մէջ: Այսուհանդերձ, ցուցահանդէսը չի միտիր Եւրոպան դիտել զուտ մարդաբանական դիտանկիւնէ. այլ անիկա կը նշէ հատուած մը մշակութային աւելի երկարատեւ, թէեւ ընդհատ երկխօսութեան մը մէջ:

Եւրոպայի թագաւորական հաւաքածոները կը խայտան Մերձաւոր Արեւելքի նկատմամբ կրքոտ հետաքրքրութեան ապացոյցներով: Մայսընի գործարաններէն արտադրուած յախճապակեայ իրեր, որոնք բերուած են Տրեստենէն, ցոյց կու տան, թէ գերմանացիք չինական արհեստագիտութիւնը կ՛ընդօրինակէին մրցակցութեան ճիշդ այն ոգիով, զոր այսօր չինական գործարանները կը ցուցաբերեն, երբ կ՛արտադրեն ելեկտրական իրեր: Եւրոպայի մէջ նոր գաղափարներ յղացողներ կը կրէին Չինաստանի ազդեցութիւնը: Գերմանացի բանապաշտ Լայպնից նամակագրութեամբ կը հաղորդակցէր քարոզիչներու հետ եւ կը քաջալերէր կոնփուկիոսեան աւանդութիւններէ դասեր քաղելը: Վոլթեր կոնփուկիոսեան հաւատամքը կը նկատէր զէնք մը` կրօնական անհանդուրժողութեան դէմ եւ չինացի այս բարոյագէտին մէկ նկարը կախած էր իր տան մէջ: Երկրագործութեան եւ հանրային վարչակարգի չինական մօտեցումները ակնածանքի առարկայ էին լուսաւորութեան դարաշրջանի Եւրոպայի մէջ:

Չինաստանի Ազգային թանգարանէն քանի մը մեթր անդին, Կոմփուկիոսի  պատմական տաճարին մէջ ընդարձակ պատկերասրահներ հպարտօրէն կը ցուցադրեն լուսաւորութեան դարաշրջանին վերաբերող, ինչպէս նաեւ` 18-րդ դարու Ատլանտեանի մեծ յեղափոխութիւններուն վրայ չինական ազդեցութիւնը բացատրող  բացատրական գրութիւններ: Օրինակ, «մի՛ ըներ ուրիշին այն,  ինչ որ չես ուզեր, որ ուրիշը ընէ քեզի» կոնփուկիոսեան սկզբունքը Ռոպեսփիեռի միջոցով թափանցած է 1789-ին Ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ Մարդու իրաւունքներու յայտարարութեան մէջ:

Երկար դար մը ետք Չինաստանի կարգն էր ներշնչուելու «տգիտութեան եւ սխալի խակ վիճակէն մարդկային գիտակցութեան ազատագրումի» գաղափարէն, ինչպէս կը նկարագրէր Քանթ: Տրամաբանութեան եւ ընկերային յառաջդիմութեան նկատմամբ բուռն հետաքրքրութիւն մը ընկերակցեցաւ թագաւորական 2000 տարուան հարստութեան մը տապալումին: 4 մայիս 1919-ին շուրջ 3000 ուսանողներ արշաւեցին դէպի Թիանանմեն, դէպի Դրախտային խաղաղութեան դարպասը, պահանջելով աւելի զօրաւոր եւ աւելի բաց  Չինաստան մը: Անոնք Չինաստանի կոչ ուղղեցին հրաւիրելու «Պարոն գիտութիւնն» ու «Պարոն ժողովրդավարութիւնը», որոնք կը մարմնաւորէին լուսաւորութեան ժամանակաշրջանի երկու կատարեալ գաղափարները: Հոսկէ սկիզբ առած հանրային կարծիքի փոփոխութիւնը առաջնորդեց Չինաստանի մէջ Համայնավար կուսակցութեան կազմութեան: Թանգարանին ցուցահանդէսը տեղադրուած է Թիանանմենի հրապարակը շրջապատող պատմական եւ քաղաքական ճիշդ այս ոլորապտոյտին մէջ:

«Չինաստանի տնտեսական յառաջդիմութիւնը համազօր է պատմութեան մէջ մարդկային բարօրութեան մեծագոյն ոստումին, որուն կ՛ընկերակցին աշխարհի տարածքին արագօրէն աճող քաղաքային կեդրոնները,- կ՛ըսէ Նիւ Եորքի մէջ Կիւկընհայմի թանգարանին ասիական արուեստի բաժանմունքի գլխաւոր պատասխանատուն` Ալեքսանտրա Մընրօ (այս թանգարանը 1997-էն ի վեր 4 փոխանակումներ կատարած է Չինաստանի հետ):- Սակայն Չինաստանի պետութիւնը կը գիտակցի, որ իրական ղեկավար դառնալու համար պէտք է մեծութիւն մը ըլլալ: Արուեստը կրնայ մեծութիւն սնուցել, որովհետեւ ժողովուրդին կը սորվեցնէ ստեղծագործական եւ խորունկ ձեւով մտածել ու զգալ»:

Պէյճինկի մէջ գործարար կին մը հետեւեալ ձեւով կը մտածէ լուսաւորութեան ժամանակաշրջանի դասերուն մասին. «Ասիկա հսկայական փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանն է: Ժամանակն է պահ մը կանգ առնելու եւ խորհրդածելու: Արդեօք մենք տնտեսակա՞ն առաջնորդ մըն ենք, ոգեղէ՞ն առաջնորդ մը: Ասիկա մաս կը կազմէ 30 տարի ետք բացուելու աշխարհին: Ի՞նչ կորսնցուցած ենք եւ ի՞նչ` շահած»:

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Շուրջ 192 հազար քառ. մեթր տարածութեամբ Ազգային թանգարանը, «Մեթրոփոլիթըն թանգարանէն միայն քիչ մը մեծ», ինչպէս կ՛ըսէ Չինաստանի մէջ պատասխանատու մը, յայտնապէս նպատակաուղղուած է ցոյց տալու Չինաստանի ուժն ու հզօր ձգտումները: Անոր հսկայական սպիտակ սրահները, 712 աթոռով օփերայի կառոյցը, 264 աթոռով շարժապատկերի սրահը, պատկերասփռումի կեդրոնը, թուային կատարելագործուած գործիքները, հիւր արուեստագէտներու յատուկ ընդունարանները, ուսումնասիրութեան եւ պահպանումի յատուկ կեդրոնները, ճաշասրահներն ու տանիքի ճաշարանը կառուցուած են տպաւորելու նպատակով: Ծրագիրին գործադրութեան մասնակցողները կը յիշեն, թէ չինացի պատասխանատուներ տեւաբար կը հարցնէին աշխարհի ամէնէն մեծ թանգարաններուն տարածութեան մասին: Այսուհանդերձ, թանգարանին կառոյցը ինքնին կը փոխանցէ շատ աւելի նուրբ պատգամ մը, քան ինչ որ մտածել կու տան անոր վիթխարի չափերը: Ի վերջոյ ճարտարապետութիւնը մշակութային փոխանակումի ամէնէն շօշափելի արտայայտութիւնն է:

Համայնավար կուսակցութեան ներկայացուցիչ Մաօ Ցեթունկի դամբարանէն եւ Արգիլեալ քաղաքէն քանի մը քայլ հեռու այս անպաճոյճ կառոյցը մէկն է այն «Տասը մեծ կառոյցներէն», որոնք շտապով բարձրացած էին 1959-ին` նշելու համար Չինաստանի Ժողովրդային Հանրապետութեան տասնամեակը: «Իւրաքանչիւր չինացի տղայ եւ աղջիկ գիտէ անոր անունը,- կ՛ըսէ թանգարանին վերանորոգութիւնը ստանձնած ճարտարապետական ընկերութեան մէկ ներկայացուցիչը` Սթեփան Շուց:- Հետեւաբար անոր հետ առնչուած որեւէ աշխատանք նախ կը պահանջէ յարգալիր մօտեցում»:

Նախքան վերանորոգութեան համար փակուիլը` թանգարանը կը գործէր իբրեւ երկու հաստատութիւններու` Չինական յեղափոխութեան թանգարանին եւ Չինական պատմութեան ազգային թանգարանին մէկտեղում մը: Անոր աւելի քան 1.2 միլիոն հաշուող հաւաքածոն կ՛ընդգրկէր պրոնզէ ժամանակաշրջանի անգին մնացորդներ, ինչպէս նաեւ` գտածոներ, որոնք ի յայտ եկած են Չինաստանի տարածքին կատարուած պեղումներէ: Սակայն Պէյճինկի կեանքին վրայ անոր ներգործութիւնը գրեթէ լուսանցքային էր:

Երբ 1959-ին կը կառուցուէր թանգարանը, նիւթական աղբիւրներու չգոյութեան պատճառով շէնքին տարածութիւնը շատ աւելի փոքր էր, քան` Թիանանմենի հրապարակին միւս կողմը կառուցուած Ժողովրդային մեծ տունը: Ընդարձակում մը պիտի սրբագրէր այս անհաւասարակշռութիւնը` եռապատկելով թանգարանին տարածութիւնը: Երբ չինական մտաւորական շրջանակներու մէջ սկսան լսուիլ քննադատութիւններ, որոնք կ՛ըսէին, թէ միջազգային ճարտարապետներ Պէյճինկը կ՛օգտագործէին իբրեւ գիտաշխատանոց` անկարելի գաղափարներու համար, պետութիւնը մտածեց աւելի բովանդակալից մօտեցումի մը մասին:

Ճարտարապետական մրցանքը ներգրաւեց հռչակաւոր ձեւագծողներ, ինչպէս` Ռեմ Քուլհաաս, Նորման Ֆոսթըր, Հերցոկ էնտ տը Մերոն եւ այլ աստղեր: Սակայն նախապատուութիւնը տրուեցաւ նուազ ծանօթ Ճի. Էմ. Փի. արքիթեքց ընկերութեան: Չինաստանի մէջ այս ընկերութիւնը ունի 70 հոգիէ բաղկացած պաշտօնէութիւն մը եւ ձեւագծած է մարզադաշտեր, գրասենեկային աշտարակներ, երկրին մեծագոյն քրիստոնէական եկեղեցին, ինչպէս նաեւ յատակագծած է Լինկանկը. 800 հազար բնակչութեամբ քաղաք մը` առագաստանաւու ձեւով իր ծովային թանգարանով:

Գերմանացի ճարտարապետները պարտաւոր էին գործակցիլ Շինարարական ուսումնասիրութեան չինական ակադեմիային հետ: Անոնք միասնաբար կերպարանափոխած են թանգարանը եւ զայն վերածած են տեսակ մը մշակութային հանդիպման վայրի: Շինարարները յարգանք կը տածեն չինական եւ արեւմտեան զգացումներու նկատմամբ, առանց շատ հեռու երթալու այս կամ այն ուղղութեամբ: Նախկին կառոյցին միայն ճակատը եւ կողմի պատերը մնացած են նոյնը: Թէեւ թանգարանը զարդարուած է թրծուած կաւէ զարդանմուշներով, սակայն եւրոպական կառոյցի մը զգացողութիւնը կ՛առթէ: Կառոյցին առաջին ճարտարապետները ներշնչուած էին եւրոպական գեղագիտական չափանիշներէն:

Շէնքին մուտքի սրահը, որ պատշաճ կերպով կը կոչուի Մեծ հաւաքավայրը, 25 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի ընդարձակ է, քան` Լոնտոնի մէջ Թէյթ պատկերասրահին Թըրպայն սրահը: Երկրորդ յարկի մուտքի սրահը եւս կրկնապատիկ տարածութիւնը ունի: Ճարտարապետները առաջարկած էին կառուցել նոյնիսկ աւելի ընդարձակ մուտք մը, սակայն թանգարանին տնօրէնը` վարժ ճարտարապետ մը, անոնցմէ պահանջած էր աւելի ընդարձակ պատկերասրահներ: Այսուհանդերձ, նոյնիսկ մուտքի ներկայ սրահը արդի ժամանակներու Չինաստանի ամէնէն հոյակապ ներքնամասերէն մէկն է:

«Մեր նպատակն էր չինական աւանդական մշակոյթը վերածել արդիական բանի մը», կ՛ըսէ Պէյճինկի մէջ հաստատուած Ճի. էմ. Փի.ի մէկ ճարտարապետը` Սթեֆան Ռեւոլ: Կառոյցը բարձրացած է կրանիթէ պատուանդանի մը վրայ: Անոր ներքնամասի պատերէն շատերը ծածկուած են կեռասենիի փայտով` ոգեկոչելով չինական ճարտարապետութեան պատմական ոճը: Դէպի վերնայարկի պատկերասրահները կարելի է բարձրանալ դէպի աջ եւ ձախ թեքուող անուղղակի ճամբաներէ, որոնք կը համապատասխանեն ֆենկ շուի`  «ուրուականներու պատի» աւանդական գաղափարին, որուն նպատակն է վախցնել եւ հեռացնել չար ոգիները: Արգիլեալ քաղաքին ակնարկութիւններու կարելի է հանդիպիլ տանիքի սիւներուն, քարէ բազրիկներուն, ձեղնայարկի սնտուկներուն եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու ընդունելութեան յատուկ սրահներուն արնագոյն կտաւով ծածկուած պատերուն վրայ: Գլխաւոր սանդուխներուն ձեւը, որ կը յիշեցնէ Չինաստանի Մեծ պատը, միտումնաւոր կերպով այսպէս չէ շինուած, ինչպէս կը շեշտեն ճարտարապետները, այլ զայն կը նկատեն մշակութային միաձուլումի գերագոյն փաստ մը, որ առաջնորդած է ձեւագծումի գործընթացը:

Չինացիք, իբրեւ պատուիրատուներ, նոյնքան բան կը սորվէին գերմանացիներէն, որքան գերմանացիները` չինացիներէն: Գերմանացի ճարտարապետները չինացիներուն կը փոխանցէին օդափոխիչ եւ կլիմայական դրութիւններու կատարելագործուած արհեստագիտութիւնը, միաժամանակ զանոնք կը համոզէին կառչիլ շինարարական նիւթերու եւ գոյներու սահմանափակ տեսակներու: Երկրի մը մէջ, ուր թանգարաններուն մեծ մասը կառուցուած է նամակի պահարանի պէս, նուազ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով ծրագրումի եւ ներքնամասի կառոյցին, թանգարանի գաղափարը ինքնին եղափոխութիւն մը ապրեցաւ, երբ չինացիք ապրեցան միջազգային գործընկերներու հետ աշխատելու փորձառութիւնը: «Ասիկա դաստիարակչական մեծ աշխատանք մըն էր,- կ՛ըսէ Ռեւոլ:- Երբ գերմանական թանգարաններու արուեստի գործերու ցուցադրութեան պատասխանատուները այստեղ կը գտնուին, միշտ ալ կը շրջապատուին երիտասարդ չինացիներով»:

Համաշխարհային մշակոյթը աւելի տիրական ներկայութիւն դարձաւ վերանորոգուած թանգարանին մէջ: Հսկայական չորս պատկերասրահներ վերապահուած են ասիական, ափրիկեան, եւրոպական եւ ամերիկեան արուեստներուն: Անոնք շուտով պիտի հիւրընկալեն ցուցահանդէսներ` Փերուի մշակոյթի նախարարութեան, Բրիտանական թանգարանին, Վիքթորիա էնտ Ալպըրթ թանգարանին հետ գործակցելով: Ընթացքի մէջ են Իտալիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Կիպրոսի, Ճափոնի, Քորէայի, Աւստարլիոյ եւ Նոր Զելանտային հետ ծրագիրներ: «Ցուցահանդէսէն մեծագոյն ակնկալութիւնս այն է, որ անիկա հարազատօրէն արտացոլէ նոր սկիզբի մը իմաստը եւ դառնայ յաջող սկիզբ մը», կ՛ըսէ Լու Ճանկշեն:

(Շար. 1)

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES