Կարլեն Մկրտչեան Վերսկսաւ Իր Փորձերուն
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մեթալուրկ Տոնեցքի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան, որ քիթի վիրաբուժութեան պատճառով հեռու մնացած էր իր ակումբին նախապատրաստական շրջանէն, վերսկսաւ իր փորձերուն:
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը, որ իր այս լուրը քաղած է Մեթալուրկի մամլոյ քարտուղարութենէն, կ՛աւելցնէ ըսելով, որ Մկրտչեան ներկայ հանգրուանին սկսած է իր փորձերը կատարել առանձինը:
Նշենք, որ տոնեցքեան ակումբին մաս կը կազմեն նաեւ Հայաստանի հաւաքականի երկու այլ մարզիկներ ալ` Գէորգ Ղազարեան եւ Արտակ Եդիգարեան:
CATEGORIES Մարզական

