Պալոթելլիի Նոր Ինքնաշարժը` Հայրենասիրութեան Դրսեւորում
Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի գնած է նոր ինքնաշարժ մը:
Անոր գնած այս նոր ինքնաշարժը հայրենասիրութեան կրկնակի արտայայտութիւն է, որովհետեւ նախ եւ առաջ անիկա իտալական արտադրութիւն է, իսկ երկրորդ, անոր կեդրոնը` առջեւէն դէպի ետեւ կ՛երեւին Իտալիոյ դրօշակին գոյները:
Անոր այս ինքնաշարժը «Լամպորկինի-Աւենթատոր» վաճառանիշին վերջին արտադրութիւնն է: Անիկա այդքան ալ սուղ չէ: Եւրոպայի մէջ անոր գինն է 255 հազար եւրօ, Անգլիոյ մէջ` 202 հազար փաունտ, իսկ Միացեալ Նահանգներուն մէջ` 380 հազար ամերիկեան տոլար:
CATEGORIES Մարզական

