«Թուր Տը Ֆրանս». Մարք Քաւենտիշ Տիրացաւ 18-րդ Հանգրուանի Մրցումին

Մարք Քաւենտիշ

Երէկ տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումը` Պրիվ լա Կայարի մէջ, որուն երկարութիւնն էր 222,5 քմ: Անգլիացի Մարք Քաւենտիշ տիրացաւ այս հանգրուանի մրցումին` արձանագրելով 4 ժամ 54′ 12″ արդիւնք մը: Անոր ետին նոյն արդիւնքը արձանագրելով յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Մեթիու Հարլի Կոս եւ Փիթըր Սական:

Հեծելանւորդներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի եւ դեղին շապիկը իր մօտ կը շարունակէ պահել անգլիացի Պրետլի Ուիկինզ (83 ժամ 22′ 18″): Անոր ետին 2′ 05″ ուշացումով երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Քրիսթաֆըր Ֆրում:

Այսօր տեղի պիտի ունենայ 19-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումը` Պոնըվալէն Շարթ (53,5 քմ), իսկ վաղը 20-րդ հանգրուանի մրցումը` Ռամպուիյէէն Փարիզ` Շան-Զելիզէ (120 քմ):

Share this Article
CATEGORIES