Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարքը 2015-Էն Ետք Մէկ Շաբաթով Ուշ Պիտի Սկսի

Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Ֆիլիփ Պրուք, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ 2015-էն սկսեալ, այս մրցաշարքը մէկ շաբաթով աւելի ուշ պիտի սկսի:

Անիկա տեղի կ՛ունենայ 25 յունիսէն 8 յուլիս, այինքն` «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի մրցաշարքին աւարտէն 2 շաբաթ ետք:

Լուրը, կը փոխանցէ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը, կ՛եզրափակէ ըսելով, որ անոր ուշացումը մարզիկներուն աւելի առիթ մը պիտի տայ, որպէսզի աւելի լաւ ձեւով ընտելանան աւազեայ թենիսի դաշտերը փոխարինող խոտածածկ դաշտերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES