Անգլիական Սրամտութիւն
Իր լուրը քաղելով անգլիական մամուլէն` PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ անգլիացի թաքսի-ի հնարամիտ վարորդ մը յղացած է գաղափար մը` իր ինքնաշարժը վերածելով պանդոկի փոքր սենեակի մը, անոր մէջ տեղադրելով մէկ անձի համար միայն փոքր անկողին մը:
Եթէ պատահի, որ 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն համար Անգլիա մեկնած զբօսաշրջիկները երկրին մէջ գերխճողուած պանդոկներուն մէջ պարապ սենեակ չկարենան գտնել, կրնան վարձել անոր ինքնաշարժին պանդոկը` օրական վարձք վճարելով 78 ամերիկեան տոլար:
CATEGORIES Մարզական

