«Եթէ Մեր Համակիրները Կը Հաւատան Մեզի, Ուրեմն Կրնանք Յաղթել Իտալիոյ» Կ՛ըսէ Եուրա Մովսիսեան

Ռուսական մամուլին հետ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Քրասնոտարի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի ունեցած հարցազրոյցէն խօսքեր մէջբերելով` ArmFootball.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ Մովսիսեանի, Հայաստան կրնայ յաղթել Իտալիոյ, եթէ հայ համակիրները կը հաւատան իրենց:

«Մենք սքանչելի խումբ մը ունինք: Նկատի ունենալով, որ ունինք երիտասարդ մարզիկներ, որոնք կը հաւատան իրենց ունեցած ուժին, ուրեմն կրնանք յաղթել որեւէ խումբի: Սլովաքիոյ դէմ մեր կատարած մրցումներուն նշանակեցինք եօթը կոլ: Ուրեմն ինչո՞ւ պիտի չկարենանք յաղթել Իտալիոյ: Չկայ խումբ մը, որուն չենք կրնար յաղթել, եթէ ունենանք պայքարի ոգի եւ յաղթելու վճռակամութիւն», կ՛ըսէ 24 տարեկան յառաջապահը:

Նշենք, որ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Հայաստան – Իտալիա մրցումը պիտի կայանայ յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին` Հրազդանի մարզադաշտին վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES