«Եուրոփա Լիկ». Գէորգ Ղազարեան Հեթրիք Մը Իրագործեց
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն, Մեթալուրկ Տոնեցք, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Չելիքը (Մոնթենեկրօ), 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան, որ այս մրցումին դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, ուքրանական կազմին հետ հեթրիք մը իրագործեց (36-րդ, 61-րդ եւ 86-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ուքրանական կազմը դժուար թէ դարձի մրցումին որեւէ հարցի դիմաց գտնէ ինքզինք Մոնթենեկրոյի մէջ:
CATEGORIES Մարզական

