Ճատրակ. Մարիա Գէորգեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան
Armchess.am հայկական ճատրակի լրատուական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մարիա Գէորգեան Պոսնիա – Հերցեկովինայի Պանիա Վրուչիցա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի աղջկանց արագ ճատրակի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ հանդիսացաւ ախոյեան` առաւելագոյն 6 կէտէն ապահովելով 5,5 կէտ, իր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը գերազանցելով 1,5 կէտով:
Ան նաեւ դարձաւ Եւրոպայի աղջիկներու արագ ճատրակի ախոյեան` յաղթելով բոլոր տարիքային դասակարգերուն յաղթականներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուած գեր-աւարտականի մրցումին:
Անոնց կողքին ան կայծակնային ախոյեանութեան (18 տարեկանէն վար) հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:
CATEGORIES Մարզական


