Հեծելարշաւ. Կիրակի, 22 Յուլիսին, 80 Քմ Երկարութեամբ Մրցում` Տըպպայէի Մէջ
Լոնտոնի 2012-ի ողիմպիական խաղեուն ազդանշանը տրուելէն շաբաթ մը առաջ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ հեծելարշաւի մրցում մը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպանատան: Անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 22 յուլիսին, Տըպպայէի շրջանին մէջ, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
80 քմ երկարութիւն ունեցող այս մրցումը, պիտի սկսի Տըպպայէի «Եունայթըտ» կայարանին առջեւէն` ուղղուելով դէպի Տըպպայէի կամուրջ եւ վերադառնալով դէպի «Կոլտըն Պիչ»` երթուդարձի դրութեամբ (16 անգամ):
CATEGORIES Մարզական

