Լոնտոն-2012. Վաղը` Կիրակի, 22 Յուլիսին Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Դրօշակին Բարձրացման Արարողութիւնը

Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կիրակի, 22 յուլիսին, Լոնտոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակի բարձրացման արարողութիւնը:

Լուրը, որ կը հաղորդէ PanArmenian.Net լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով Ռոստոմեանի խօսքերը, կ՛ըսէ. «Լոնտոն-2012-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն առիթով, Հայաստանի դրօշակը պիտի բարձրանայ 22 յուլիսին: 28 յուլիսին հայկական համայնքին հետ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ, իսկ 29 յուլիսին պիտի ըլլայ Հայաստանի օրը: Լոնտոնի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ տարբեր տեսակի ձեռնարկներ, ուր պիտի ներկայացուի հայկական մշակոյթը, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս: Ողիմպիական աւանին մէջ, ուր հաստատուած է Հայաստանի հաւաքականը, պիտի փորձենք ստեղծել հայկական միջավայր, որպէսզի մեր մարզիկները իրենք զիրենք հարազատ միջավայրի մէջ զգան: Պետական պիւտճէէն նախապատրաստական աշխատանքներուն համար տրամադրուած է 150 միլիոն դրամ: Ողիմպիական կոմիտէն ծախսած է բաւական մեծ գումար: Ոսկի մետալի տիրացող մարզիկը պետութեան կողմէ պիտի պարգեւատրուի 20 միլիոն դրամով, իսկ արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիրները` յաջորդաբար 15 եւ 10 միլիոն դրամով:

Վերջապէս, աւելցնեմ նաեւ, որ ողիմպիական խաղերու ախոյեան հանդիսացած մարզիկը, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմտէին կողմէ պիտի պարգեւատրուի 40 միլիոն դրամով, իսկ 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւողները` յաջորդաբար 30 եւ 15 միլիոն դրամով: Նշեմ, որ պիտի պարգեւատրուին նաեւ մետալակիրներուն մարզիչները եւ այդ մարմնամարզին խումբին անձնակազմը»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES