ԷՋ ՄԻԱԾԻՆՆ Ի ՀՕՐԷ

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց համախմբումի անդամուհիներն ու բարեկամները գարնան պայծառ եւ ուրախ տրամադրութեամբ հասան ծովահայեաց «Լա Մարինա», իրենց ամուսիններով ու թոռներով հանդերձ, նշելու համար 52-րդ տարեդարձը համախմբումին, 20 մարտ 2011-ի կէսօրին:

Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Աշոտ Քոչարեանն ու տիկին Գոհարը, նաեւ` հիւպատոս Կարէն Մաթէոսեանն ու տիկին Աննան:

Կոմիտասեան շունչ ու տառով «Մաղթերգ հայրապետական»ը հնչեց Անայիս Կետիկեանի կատարողութեամբ. ապա ատենապետ Միմի Յարութիւնեան բարեգալուստի խօսքով ողջունեց յարգելի ներկաները իրենց նուիրումին ու յանձնառութեան համար` հայութեան սրբութիւն սրբոց մայր աթոռ Ս. Էջմիածնին:

«Ազգային եկեղեցին կը գոյանայ ազգով.իսկ ա՞զգը»  հարցադրումով բանախօսը` բանասէր, մանկավարժ, Հայկազեան հայագիտական հանդէսի խմբագրական կազմի անդամ, յախուռն հրապարակագիր Արմէն Իւրնէշլեան մագնիսացուց սրահը իր ելոյթով. պանծացուց հայ եկեղեցւոյ անսասանութիւնը աւելի քան 17 դարերէ ի վեր եւ դրուատեց Կրօնասիրացի վարչութեան ու անդամներուն եռանդը, անոնց եկեղեցանուէր ու հայրենասիրական անխոնջ գործունէութեան ընդմէջէն:

«Խօսքը» կու տանք լրիւ` ի վայելումն:

Տուք զկայսերն կայսեր… ճաշի ինքնասպասարկումը տուաւ ընկերային հաճելի պահ մը, որմէ ետք վարչականուհի երեւանաբնակ Անի Փանոսեան կարդաց Ամենայն հայոց հայրապետ Գարեգին Բ.ի «Գիր օրհնութեան եւ գնահատանաց»ը` ուղղուած Անայիս Կետիկեանին 10-ամեայ վարչական մասնակցութեան:

Ապա համախմբումին 10-20-30 եւ 40 տարիներու իրենց հաւատարիմ եւ անընդմէջ անդամակցութեան համար 21 անդամուհիներ արժանացան յուշանուէրներու` պատրաստուած հայրենի արուեստագէտներու կողմէ:

Բազմաթիւ անձեր բախտաւորուեցան վիճակաձգութեան պարգեւներով, մինչ ուրախ մթնոլորտէն խանդավառ` կատարուեցաւ նուիրատուութիւն:

Ռիթա Թոփճեան 100 $, տիկին Մարլեն Սեդրակեան 100 $, տէր եւ տիկին Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեան 500 $, Ալին եւ Փաթրիք Ֆարաճեան 200 $, տիկին Գոհար Խաչատուրեան 200 $, տիար Հանրի Զալալ 200 $, տէր եւ տիկին Կարօ եւ Ռոզիկ Աղազարեան 300 $, տիար Փիթըր Զալալ 200 $, տիկին Մատլէն Տէր Նիկողոսեան 300 $, տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Հուրի Վանլեան 200 $, տիկին Սեդա Չաղլասեան 300 $, տիկին Լենա Տէկիրմենճեանի թոռներուն կողմէ Գարէն եւ Սելենա 100 $, տիկին Վանտա Պէրպէրեան 100 $, տիկին Ժագլին Միհրանեան 100 $, տէր եւ տիկին Հրայր եւ Անահիտ Տանձիկեան 500 $, Ալպէր եւ Ֆրիտա Սարգիսեան 300 $, տիկին Անի Ազարեան 100 $, օրդ. Անի Պետիկեան 100 հազար լ. ո., տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Անայիս Կէտիկեան 150 հազար լ. ո.:

Ունինք յատուկ շնորհակալութեան խօսքեր.- տիկին Ռիթա Մանուշակեանին, որ մեր հոյակապ վանքերու նկարներով ու սիրելի անուններով զարդարեց սեղանները: Տիկին Անահիտ Տանձիկեանին, որ պատրաստեց ու նուիրեց սրահի մուտքին` Լուսինէ Զաքարեանի մենակատարութեամբ պատարագի խտասալիկները: Պրն. Արմէն Յարութիւնեանին` իր Valse մակնիշով պիտոյքներուն եւ պրն. Հրայր Տանձիկեանին յայտագրի պատրաստութեան:

ՎԵՀԱՆ

Share this Article
CATEGORIES