Պատմութեան Հետքերով. Չինաստանի Մոռցուած Սովը

Չինաստանի համայնավարները Մաօ Ցեթունկի գլխաւորութեամբ շղթայազերծած էին «Մեծ ոստում մը դէպի յառաջ» նշանաբանով պայքար մը:
ՏԱՍՆԵԱԿ ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ՉԻՆԱՑԻՆԵՐ ԿԸ ՄԵՌՆԻՆ ՍՈՎԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ, ԵՒ ՆՈՅՆԻՍԿ ԶՈՀԵՐԸ ԿԸ ՄՈՌՆԱՆ ԱՀԱՒՈՐ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ: ԱՅՍ Է ԱՐԴԻՒՆՔԸ, ԵՐԲ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒԻ ԵՒ ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ Չ՛ՈԳԵԿՈՉՈՒԻՐ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԿԱՄ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ: ՍՈՎ ՄԸ ԱՂԷՏԻ ՄԱՏՆԱԾ ԷՐ ՉԻՆԱՍՏԱՆԸ ՇՈՒՐՋ ԿԷՍ ԴԱՐ ԱՌԱՋ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՅՍՕՐ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԶԻՒ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՄԷՋ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԱՆՑԵԱԼԸ ՊԵՂԵԼՈՒ ՅԱՆԴՈՒԳՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ՆՊԱՏԱԿԸ:
Հանրութեան տրամադրութեան տակ սակաւաթիւ արձանագրութիւններ գոյութիւն ունին այն իրադարձութեան վերաբերեալ, որ գամուած է յիշողութեան մէջ անոնց, որոնք վերապրած են գլխաւորաբար մարդկային կամքով գործուած աղէտէ մը:
Այժմ վաւերագրական ժապաւէններ պատրաստող չին մը կը յուսայ սրբագրել այս անհաւասարութիւնը` հաւաքելով պատմութիւնները հարիւրաւոր անձերու, որոնք վերապրած են Չինաստանի սովէն:
Ան ժապաւէններ պատրաստող երիտասարդներ ուղարկած է Չինաստանի տարբեր կողմերը, որպէսզի նկարահանեն վերապրողներու վկայութիւնները:
Այս նկարահանումներէն ոմանք արդէն ցուցադրուած են հանրութեան, Պէյճինկի մօտակայ 789 Արուեստներ անունով արուարձանին մէջ:
Պատմութեան արձանագրութիւնը կը շարունակուի եւ ծրագիրին նպատակն է ի վերջոյ մէկտեղել բոլոր յուշերը:
Ու Ուենկուանկ, որ յղացած է ծրագիրը, կ՛ըսէ. «Եթէ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատահած է անցեալին, կը նշանակէ, թէ ապագայ չունինք»:
Գողութիւն` Վերապրելու Համար
Նկարահանող գործիքներով զինուած` Ուիի գործուղած ուսումնասիրողները արդէն այցելած են Չինաստանի տարածքին 50 գիւղեր` 10 գաւառներու մէջ:
Ցարդ անոնք հաւաքած են աւելի քան 600 յուշեր, որոնք կը պատմեն սովին մասին, որ հետեւանք էր Մաօ Ցեթունկի գլխաւորութեամբ շղթայազերծուած «Մեծ ոստում մը դէպի յառաջ» նշանաբանով քաղաքական պայքարին:
Այս պայքարը ենթադրաբար կը ձգտէր Չինաստանը առաջնորդել դէպի համայնավարութեան եւ առատութեան նոր դարաշրջան մը, սակայն ձախողած էր` ահաւոր պատկեր մը ստեղծելով:
Երկրագործական համակարգը խախտած էր, սեփականութիւն ունենալը արգիլուած էր եւ ժողովուրդին բռնի պարտադրուած էր ապրիլ` ենթադրաբար ինքնաբաւ համայնական կառոյցներու մէջ:
Նկարահանումի ծրագիրին գործադրութեան ընթացքին հարցազրոյցներէ ի յայտ եկած է, որ թէեւ սովը տեղի ունեցած է երկար ժամանակ առաջ, այսինքն` 1958-1962-ի միջեւ, սակայն անոր յիշողութիւնը տակաւին սուր է:
Յայտնապէս մարդիկ կը յիշեն, թէ ճիշդ քանի՛ կրամ բրինձ ստացած են այդ ժամանակներու հաւաքական խոհանոցներուն մէջ:
Անոնք երբեմն օրական հազիւ 150 կրամ բրինձ ստացած են, եւ յաճախ` ոչինչ:
Հանրութեան ցուցադրուած տեսերիզներէն մէկը կը պատկերէ Լի Կուոչենկ անունով թոշակառու մը, որ կը բնակի Եունանի գաւառին Պայուն գիւղին մէջ:
Ան կը պատմէ հարազատի մը մասին, որ անօթութեան պատճառով եգիպտացորեն գողցած էր եւ զայն տուն տարած էր եփելու համար:
«Ուտելէն ետք զայն կապեցին իր տան մերձակայ մէկ սիւնին», կը յիշէ Լի:
Սակայն յաջորդ օր Լիի հարազատը դարձեալ եգիպտացորեն գողցած էր, դարձեալ բռնուած էր յանցանքի վրայ եւ դարձեալ կրած էր նոյն պատիժը:
Անոր 10 տարեկան աղջնակին թելադրուած էր չքակել իր հօր կապանքները:
«Միւս օրը ան այլեւս չգողցաւ, մնաց տունը, պարան մը կապեց տան գերանին եւ կախեց ինքզինք: Շատ թշուառ էր վիճակը», կը պատմէ Լի:
«Լուրջ Սխալ Մը»
Այն ուսումնասիրողը, որ արձանագրած է այս պատմութիւնը, Լի Զինմին անունով 23 տարեկան երիտասարդ աղջիկ մըն է:
Ան ծնած է Լի Կուոչենկի գիւղը, սակայն այս պատմութիւնները նկարահանելու նպատակով գիւղ վերադառնալէն ետք միայն անդրադարձած է սովին պատճառած ահաւոր սարսափին:
«Տարեցները միայն հազուադէպօրէն կը խօսէին այն դառն ժամանակներուն մասին, երբ ստիպուած էին ուտել վայրի բանջարեղէն կամ բաներ, զորս մարդիկ սովորաբար չեն ուտեր», կ՛ըսէ ան:
Լի Զինմին այժմ ի յայտ կը բերէ պատմութիւնը սովի մը, որուն մասին շատ քիչ բան սորված է դպրոցին մէջ:
Դժուար է հաշուել, թէ քանի՛ հոգի զոհ գացած է սովին: Այդ ժամանակներուն պետական ոչ մէկ կազմակերպութիւն պահած է ճշգրիտ արձանագրութիւն մը, իսկ այսօր պետութիւնը տրամադիր չէ հետազօտելու Չինաստանի արդի պատմութեան այս մռայլ էջը:
Տեսերիզներուն ցուցադրութեան վայրը` 789 Արուեստներ արուարձանը ինքնին հսկայական գործարան մըն է, որ կառուցուած է «Մեծ ոստում մը դէպի յառաջ» պայքարի ժամանակաշրջանին:
Պատանեկան տարիքի աշակերտներու յատուկ չինական դասագիրքերու մէջ ոչ մէկ ճիգ թափուած է բացատրելու պատահածը, եւ չեն նշուիր պատճառները` մեծ թիւով չիներու մահուան:
«Համայնավար կուսակցութիւնը լուրջ սխալ մը գործեց, երբ ընկերվարութիւն հաստատելու նպատակով շղթայազերծեց «Մեծ ոստում մը դէպի յառաջ» նշանաբանով պայքարը, ինչպէս նաեւ` համայնական շարժումը», կ՛ըսէ այս ժամանակաշրջանին ակնարկող տող մը` դասագիրքի մը մէջ:
Տասնեակ միլիոնաւոր չիներ մահացած են այս պայքարին պատճառով, սակայն դասագիրքը ոչ մէկ թիւ կը նշէ:
Անիկա նոյնիսկ չի նշեր, թէ մարդիկ մեռած են, այլ պարզապէս կ՛ակնարկէ` «երկիրն ու ժողովուրդը դիմագրաւած են տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ»:
Դասագիրքին մէջ միակ նկարը որմազդ մըն է, որ կը պատկերէ գէր խոզ մը:
Չինաստան կը դժկամի խօսելու այս ժամանակաշրջանին մասին, որովհետեւ համայնավարութիւնը կը շարունակէ իշխել:
Պատահածին մասին տեղեկութիւններ հրապարակելը կրնայ քաջալերել, որ մարդիկ սկսին խօսիլ Չինաստանի այսօրուան ղեկավարութեան մասին, իսկ Համայնավար կուսակցութիւնը բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ նման փորձերու:
Անցեալի Դասեր
Յիշողութիւնը վերականգնելու այս ծրագիրին պատասխանատուն` Ուիի կը մտածէ, թէ չիները շատ աւելին պէտք է գիտնան սովին մասին:
«Պէտք է գիտնանք, թէ ինչո՛ւ պատահեցաւ սովը, եւ պէտք է դասեր սորվինք անկէ: Պէտք է զգուշութեան հրաւիրենք, որպէսզի չկրկնուի պատահածը», կ՛ըսէ ան:
Սակայն դիւրին չէ քաջալերել մարդիկը, որպէսզի հրապարակաւ արտայայտուին պատահածին մասին:
Յայտնապէս Ուի անձամբ կը գիտակցի, թէ տասնամեակներ ետք տակաւին որքա՛ն զգայուն է հարցը:
Անոր գլխաւորած ծրագիրին վերնագիրը չի նշեր «սով» բառը, ոչ ալ` «Մեծ ոստում մը դէպի յառաջ» նշանաբանը: Ուի կը շեշտէ, թէ ինչ որ կը կատարէ, արուեստի ծրագիր մըն է եւ ոչ` քաղաքական պայքար մը:
Ան յոյս չունի, որ ներկայ համայնավար վարչակարգը ինքնաբերաբար վերատեսութեան պիտի ենթարկէ սովի պատմութիւնը:
«Թերեւս կրնանք որոշ բան մը փոխել, սակայն գէթ կրնանք մենք փոխուիլ», կ՛ըսէ Ուի:
Պատրաստեց՝
Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ -ՍՐԱՊԵԱՆ


