Պատմութեան Հետքերով . Ո՛չ Այնքան Մեծ Աղեքսանդր Մը. Պատմութիւնը` Պարսիկներուն Աչքով Դիտուած
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԵՐԸ ԳՐՈՒԱԾ ԵՆ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԵԾՆ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԸ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵՆ ԻԲՐԵՒ ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ՀԵՐՈՍ ՄԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՐ ԱՒԱՆԴԸ ՇԱՏ ՏԱՐԲԵՐ Է` ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԷՆ: ՍԿՈՎՏԻՈՅ Ս. ԷՆՏՐՈՒԶ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԻՐԱՆԵԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ԱԼԻ ԱՆՍԱՐԻ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ ԻՐ ՅԱՅՏԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ: ԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆՈՎ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ՆՈՒԱՃՈՂԻ ԵՒ ՆՈՒԱՃՈՒՈՂԻ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՅՍ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ` ՅՈՅՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՐՍԻԿՆԵՐՈՒ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ, ԵՒ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԻՒՐԱՑՆԷ ՆՈՅՆԻՍԿ ՆՈՒԱՃՈՂ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ ԵՒ ԿԸ ՆՈՅՆԱՆԱՅ ԱՆՈՆՑ ՀԵՏ:
Ոեւէ մէկը, որ կ՛այցելէ Պերսեպոլիս, պարսկական հնադարեան Աքեմենեան կայսրութեան վեհաշուք մայրաքաղաքը, կը լսէ երեք իրականութիւններ, թէ` անիկա կառուցուած է Մեծն Դարեհի կողմէ, բարգաւաճած է անոր զաւկին` Քսերքսեսի գահակալութեան ժամանակ եւ աւերուած «այդ մարդուն»` Աղեքսանդրի կողմէ:
«Այդ մարդը» պիտի դառնար Մեծն Աղեքսանդրը, որ արեւմտեան մշակոյթին մէջ փառաբանուած է իբրեւ Պարսկական կայսրութիւնը նուաճած ղեկավարը եւ պատմութեան ամէնէն մեծ զինուորական հանճարներէն մէկը:
Իրօք, արեւմտեան պատմութեան գիրքեր կարդացողը ներելի է, երբ կը մտածէ, թէ պարսիկներուն գոյութիւնը բաւարար պատճառ էր, որ Աղեքսանդր նուաճէր անոնց երկիրը:
Սակայն աւելի քննական միտք մը ի յայտ պիտի բերէր, թէ պարսիկները նախապէս երկու անգամ պարտուած էին յոյներէն, երբ երկու ձախող արշաւանքներ կատարած էին Յունաստանը գրաւելու համար: Առաջինը` Ն. Ք. 490-ին, Մեծն Դարեհի գլխաւորութեամբ եւ երկրորդը` Ն. Ք. 480-ին, անոր զաւկին` Քսերքսեսի: Հետեւաբար Աղեքսանդրի նուաճումը պիտի նկատուէր փոխադարձ յարձակում մը:
Սակայն պարսիկներու աչքով դիտուած` Աղեքսանդր արժանի չէր «Մեծ» որակումին:
Ան գինարբուքի եւ շուայտութեան յաջորդած օր մը հիմնայատակ կործանած էր Պերսեպոլիսը` յայտնապէս լուծելով վրէժը Աքրոփոլիսի հրկիզումին` պարսիկ իշխանաւոր Քսերքսեսի հրամանով:
Պարսիկները կը դատապարտեն Աղեքսանդրը, որովհետեւ կը հաւատան, թէ ան հրամայած է համատարած աւերի ենթարկել կայսրութեան տարածքին գտնուող մշակութային եւ կրօնական վայրերը:
Յարձակումի եւ աւերի ենթարկուած էին պարսիկներուն հնադարեան կրօնին` զրադաշտականութեան խորհրդանիշները: Մասնաւորաբար զրադաշտական կրօնաւորներուն` մոգերուն համար, տաճարներու աւերումը համազօր էր աղէտի:
Յունական լեզուին եւ մշակոյթին ազդեցութիւնը պատճառ դարձած է, որ Արեւմուտքի մէջ հաստատուի պատմութեան այն տեսութիւնը, թէ Աղեքսանդրի նուաճումը առաջինն էր Արեւմուտքէն դէպի Արեւելք խաչակրական այն արշաւանքներուն, որոնք կը միտէին քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ տանիլ Արեւելք:
Սակայն, իրականութեան մէջ, կ՛արժէ՛ր Պարսկական կայսրութիւնը նուաճել, ոչ թէ այն պատճառով, որ անիկա կարիքը ունէր քաղաքակրթուելու, այլ որովհետեւ ցարդ աշխարհի վրայ յայտնուած մեծագոյն կայսրութիւնն էր` տարածուելով Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Լիպիա:
Իրօք, Պարսկաստանը չափազանց հարուստ պարգեւ մըն էր:
Եթէ աւելի ուշադիր քննենք պատմութիւնը, պիտի գտնենք բազմաթիւ ապացոյցներ, որոնք մտածել կու տան, թէ յոյները կը հիանային Պարսկական կայսրութեան վրայ եւ` այն կայսրերուն, որոնք կ՛իշխէին անոր վրայ:
Ճիշդ այն բարբարոսներուն պէս, որոնք նուաճած էին Հռոմը, Աղեքսանդր հիացած էր այն բոլորին վրայ, որ տեսած էր իր դիմաց: Այնքա՛ն, որ ան մեծ խանդավառութեամբ փափաքած էր կրել պարսից արքայից արքային պատմուճանը:
Իսկ պարսիկներուն նկատմամբ յոյներուն համակրանքը շատ աւելի հին էր:
Աթենացի զինուորական եւ պատմագիր Քսենոֆոն գրած է ներբողական մը` Մեծն Կիւրոսի ուղղուած: Ան իր «Կիւրոսագիտարան»-ին մէջ կը փառաբանէ պարսիկ իշխանաւորը, որ ցոյց տուած է, թէ հսկայական տարածութիւններու վրայ կարելի է իշխել ամուր նկարագիրով եւ անհատականութեամբ:
«Կիւրոս կարողութիւնը ունէր իր երկրին հսկայական տարածութիւններուն խորերը թափանցելու` պարզապէս իր անձին ստեղծած սարսափով: Այնքա՛ն, որ անոր բնակիչները գետին կը փռուէին իր դիմաց,- կը գրէ Քսենոֆոն:- Այսուհանդերձ, ան միաժամանակ կարողութիւնը ունէր բոլորը ներշնչելու իրեն հաճոյք պատճառելու եւ իր ուշադրութեան արժանանալու ցանկութեամբ: Այնքա՛ն, որ անոնք կը փափաքէին միայն իր դատումներով առաջնորդուիլ»:
«Այսպէս, ան իր էութեան մէջ միաձուլած էր բազմազան ազգութիւններու բարդ կառոյց մը: Մինչդեռ ոեւէ մէկը, որ պիտի յանդգնէր ճամբայ ելլել որեւէ ուղղութեամբ եւ կտրել անոր կայսրութեան մէկ ծայրէն միւսը, պիտի չտոկար նոյնիսկ ուղեւորութեան»:
Աւելի ուշ պարսից Դարեհ եւ Քսերքսես կայսրերը երկուքն ալ արշաւած էին դէպի Յունաստան եւ երկուքն ալ ի վերջոյ պարտուած էին: Սակայն յատկանշականը այն է, որ այնուհետեւ յոյները փութացած էին մաս կազմելու պարսկական արքունիքին:
Ամէնէն աւելի յատկանշական էր Թեմիստոկլէսի օրինակը: Ան կռուած էր Դարեհի արշաւող բանակներուն դէմ` Մարաթոնի մէջ եւ յղացած էր աթէնացիներուն յաղթանակը Սալամիսի մէջ, ընդդէմ` Քսերքսեսի:
Բախելով աթէնացիներուն վարած քաղաքականութեան` Թեմիստոկլէս խոյս տուած էր դէպի Պարսկական կայսրութիւն եւ ի վերջոյ պաշտօնի մը տիրացած էր պարսկական արքունիքին մէջ: Ան նշանակուած էր գաւառային կառավարիչ եւ իր կեանքին մնացեալ մասը ապրած էր այս կայսրութեան մէջ:
Ժամանակի ընթացքին պարսիկները անդրադարձան, թէ կրնային Յունաստանի մէջ իրականացնել իրենց նպատակները` յունական քաղաք-պետութիւնները թշնամացնելով իրարու դէմ: Պելեպոնէսեան պատերազմին աթէնացիներուն դէմ սպարտացիներուն յաղթանակը իրագործուած էր պարսիկներու վճարած դրամներով:
Այս մարտավարութեան մէջ կեդրոնական դեր ունէր պարսիկ իշխան եւ Փոքր Ասիոյ կառավարիչ Կիւրոս կրտսեր, որ տարիներու ընթացքին լաւ յարաբերութիւններ մշակած էր յոյն միջնորդներու հետ: Այնքա՛ն, որ երբ ան որոշած էր մղել պարսից գահին տիրանալու իր ճակատագրական պայքարը, դիւրութեամբ յաջողած էր զինուորագրել շուրջ 10 հազար յոյն վարձկաններ:
Սակայն, ի դժբախտութիւն իրեն, Կիւրոս կրտսեր մեռած էր նոյնինքն այս պայքարին ընթացքին:
Զինուորական, պատմագիր եւ փիլիսոփայ Քսենոֆոն մաս կը կազմէր Կիւրոս կրտսերի զինուորագրած վարձկաններուն: Ան գովասանքներ կը շռայլէ պարսից իշխանին, որուն մասին կը գրէ. «Մեծն Կիւրոսէն ետք ապրած բոլոր պարսիկներուն մէջ ան ամէնէն աւելի արքայավայելն էր եւ ամէնէն աւելի արժանի էր կայսրութիւն մը ղեկավարելու»:
Հոյակապ պատմութիւն մը պատմած է սպարտացի զօրավար Լիսանդր, որ առիթով մը այցելած է Կիւրոս կրտսերի` գաւառային մայրաքաղաք Սարտիսի մէջ:
Լիսանդր կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս Կիւրոս ազնուութեամբ դիմաւորած է զինք եւ յատուկ խանդավառութեամբ փափաքած է ցոյց տալ իր պարսպապատ պարտէզը` փարատէյզոսը (փարըտայս բառին ծագումը այստեղէն կու գայ) կամ` դրախտը, ուր Լիսանդր շնորհաւորած է պարսիկ իշխանը` պարտէզին գեղեցիկ ձեւագծումին համար:
Երբ Լիսանդր փափաք յայտնած է շնորհակալութիւն յայտնել այն ստրուկին, որ ձեւագծած է պարտէզը եւ իրականացուցած է ծրագիրը, Կիւրոս ժպիտով մը նշած է, թէ ինք անձա՛մբ ձեւագծած է զայն եւ նոյնիսկ` տնկած անոր կարգ մը ծառերը:
Տեսնելով սպարտացիին հակազդեցութիւնը` Կիւրոս կրտսեր աւելցուցած է. «Միդրայի անունով կ՛երդնում, որ երբ առողջութիւնս կը ներէր, ոչինչ կ՛ուտէի, մինչեւ որ քրտնաջան աշխատանք մը չկատարէի` պատերազմական արուեստի կամ երկրագործութեան հետ կապուած գործ մը կատարելով, կամ ինքզինքս այլ ձեւով ծայրագոյն աստիճան յոգնեցնելով»:
Զարմացած` Լիսանդր իր հիացումը արտայայտած է Կիւրոսի եւ ըսած է. «Կիւրո՛ս, դուն արժանի ես քու բարի բախտիդ: Բախտաւոր ես, որովհետեւ լաւ մարդ ես»:
Աղեքսանդր շատ հաւանաբար ծանօթ էր նման պատմութիւններու: Պարսկական կայսրութիւնը ոչ թէ բան մըն էր, որ պէտք էր նուաճել, այլ` իրագործում մը, որուն պէտք էր տիրանալ:
Թէեւ պարսիկները Աղեքսանդրը կը նկարագրեն իբրեւ աւերիչ, անխնայ եւ քիչ մը անատակ երիտասարդ մը, սակայն ապացոյցները մտածել կու տան, թէ ան առողջ յարգանք մը կը տածէր նոյնինքն պարսիկներուն նկատմամբ:
Աղեքսանդր զղջացած էր իր արշաւանքներուն պատճառած աւերներուն համար: Պերսեպոլիսէն քիչ մը դէպի հարաւ` Պասարգատի մէջ Մեծն Կիւրոսի թալանուած դամբարանը տեսնելէ ետք ան այնքա՛ն ցաւած էր, որ անմիջապէս հրաման արձակած էր վերանորոգելու զայն:
Եթէ Աղեքսանդր ապրէր 32 տարիէ աւելի, հաւանաբար շատ աւելին պիտի վերանորոգէր եւ վերակառուցէր: Ժամանակի ընթացքին պարսիկները միջին եզր մը պիտի գտնէին իրենց երկիրը նուաճած մակեդոնացիին հետ եւ պիտի իւրացնէին զայն իրենց ազգային պատմութեան մէջ, այնպէս` ինչպէս իւրացուցած էին իրմէ առաջ այլ նուաճողներ:
Եւ զարմանալի չէ, որ իրանեան ազգային հզօր դիւցազներգութեան` «Շահնամէ»-ի մէջ, որ գրի առնուած է Յ. Ք. 10-րդ դարուն, Աղեքսանդր այլեւս ամբողջութեամբ օտար իշխան մը չէ, այլ պարսիկ հօր մը զաւակն է:
Անշուշտ առասպել է այս: Սակայն` այնպիսի առասպել մը, որուն մէջ շատ աւելի ճշմարտութիւն կայ, քան ինչ որ պատմութիւնը կը փափաքի ցոյց տալ:
Այլ նուաճողներու նման, որոնք քալած են իր ոտնահետքերով, նոյնիսկ Մեծն Աղեքսանդր կախարդուած էր Իրանի գաղափարով եւ ներգրաւուած` անոր մէջ:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ- ՍՐԱՊԵԱՆ



