«ՀԱՒԱՏՔԻ, ՅՈՅՍԻ ԵՒ ՏԵՍԻԼՔԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ)
2010-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի «Հաւատքի, յոյսի եւ տեսիլքի ուղեւորութիւն մը» խորագրեալ հատորը` մեկենասութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան: Սոյն հրատարակութիւնը կը բաղկանայ 201 պատկերազարդ էջերէ:
Հատորին հիմնական թեման էքիւմենիք շարժումն է, որուն նպատակն է քրիստոնէական եկեղեցիներու միջեւ միութիւն հաստատել: Այս նպատակը կ՛իրագործուի միայն այն ատեն, երբ աշխարհի տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները կը մասնակցին միջեկեղեցական ժողովներու եւ կու տան եկեղեցիներու միութիւնը կենսաւորող որոշումներ:
Սոյն գործին «Յառաջաբան»էն կ՛իմանանք, թէ Հայաստանեայց եկեղեցին, դարերէ ի վեր, իր մնայուն ներկայութեամբ, զօրավիգ եղած է էքիւմենիք ժողովներու եւ զօրացուցած յարաբերական կապը եկեղեցիներու հետ:
Հայաստանեայց եկեղեցւոյ էքիւմենիզմի պատմութեան մէջ վերջին փուլը սկսաւ 1961-ին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը` Զարեհ Ա. կաթողիկոս, Նիւ Տելհի ուղարկեց Գարեգին եպս. Սարգիսեանը` մասնակցելու Աշխարհի եկեղեցիներու խորհուրդի Գ. ժողովին` իբրեւ ներկայացուցիչ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Իսկ 1962-ին Արտաւազդ եպս. Թրթռեան ներկայ գտնուեցաւ Վատիկանի Բ. ժողովին` իբրեւ դէտ:
Զարեհ Ա. վեհափառի վախճանումէն ետք, Խորէն Ա. կաթողիկոս կը շարունակէ միջեկեղեցական ժողովներու նկատմամբ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը: Այսպէս, Գարեգին արք. Սարգիսեան կը խորացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կապերը էքիւմենիք շարժումին հետ` բերելով իր գործօն մասնակցութիւնը Նայրոպի եւ Վանքուվըր քաղաքներուն մէջ կայացած եկեղեցական ընդհանուր ժողովներուն, 1975-էն մինչեւ 1983: Այնուհետեւ, Արամ վրդ. Քէշիշեան (այժմ` կաթողիկոս) Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունով կը մասնակցի միջեկեղեցական ժողովներու:
Ներկայ հատորը համապատկերն է այն ուղեւորութեան, զոր Արամ Ա. կաթողիկոս կատարեց էքիւմենիզմի նպատակով, քառասնամեակ մը ամբողջ այցելելով այլազան քաղաքներ:
Արամ Ա. կ՛ըսէ, թէ իր առաջին հոգեւոր ուղեւորութիւնը կը սկսի Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, 1960-ական թուականներուն սկիզբը, երբ աստուածաբանական դասընթացքներու ուսանող` կը հետեւէր կարգ մը ձեռնարկներու, որոնք ծանօթ էին «Աղօթքի շաբաթը քրիստոնեայ միութեան համար» խորագրով:
Կ՛ըսէ, թէ իր կեանքին մէջ առաջին անգամ ականատես կ՛ըլլայ, թէ ինչպէս մարդիկ կը խմբուին միատեղ եւ կ՛աղօթեն եկեղեցիներու միութեան համար: Այս երեւոյթը այնքան խոր տպաւորութիւն կը թողու իր վրայ, որ այնուհետեւ խորապէս կը կառչի աշխարհի տարբեր բնագաւառներու մէջ ապրող մարդերը իրարու առնչող էքիւմենիք շարժումին:
Աբեղայ ձեռնադրուելէ ետք, Արամ Ա. նոյն ոգեւորութեամբ կը հետեւի սէր եւ միութիւն խորհրդանշող յիշեալ շարժումին, զոր կը նկատէ Սուրբ հոգիէն մարդոց շնորհուած իբրեւ անփոխարինելի ընծայ:
Հետագային, անձնական փորձառութեամբ իրազեկ կը դառնայ այն ճշմարտութեան, թէ էքիւմենիզմը այն շարժումն է, որ կը միացնէ իրարու բոլոր եկեղեցիները հոգեկան անկորնչելի կապերով: Շնորհիւ սոյն շարժումին, մարդիկ զիրար լաւ կը հասկնան եւ կը փարատին այն բոլոր թիւրիմացութիւնները, որոնք կը խեղաթիւրեն գիտական ճշմարտութիւններու վրայ հիմնուած ամէն իրողութիւն:
Արամ Ա. կ՛ըսէ, թէ եկեղեցիներու միջեւ միութիւն յառաջացնող հոգեւոր ուղեւորութիւնը ուխտագնացութիւն մըն է, որուն մաս կազմած է ինք 1970-էն ի վեր: Այս շրջանին իր բաղձանքն է եղած, որ բոլոր եկեղեցիները որդեգրեն հասարակաց նոյն ըմբռնումը մկրտութեան նկատմամբ եւ հանդիսաւորապէս տօնախմբեն նոյն օրը Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը:
Իր ուղեւորութեան ծիրին մէջ Արամ Ա. 1972-էն մինչեւ 1995 ներկայ կը գտնուի միջեկեղեցական ժողովներուն` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ:
1974-ին կը դառնայ հիմնադիր մէկ անդամը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին:
Իբրեւ պատուիրակ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ` կը մասնակցի Նայրոպիի (1975), Վանքուվըրի (1983), Քանպերրայի (1991) եւ միջազգային բազմաթիւ ժողովներու:
1983-ին Վանքուվըրի ժողովին Արամ Ա. կ՛ընտրուի անդամ` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական յանձնաժողովին:
1991-ին Քանպերրայի ժողովին կ՛ընտրուի ատենապետ` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական եւ գործադիր յանձնաժողովներուն:
Իսկ 1998-ին, եօթը տարի ետք, Հարրարէի ժողովի անդամները միաձայնութեամբ կը վերընտրեն Արամ Ա.ը` դարձեալ իբրեւ ատենապետ, նկատի ունենալով յանձնառու եկեղեցականի եւ ներհուն աստուածաբանի իր բնատուր շնորհները:
2007-էն ի վեր նախագահն է Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին:
Արամ Ա. կը ստեղծէ ներողամտութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու միջեւ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն հրատապ եւ բախտորոշ շրջանին:
2007 թուի յունուարին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կը կազմակերպէ հանդիպում` տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներու միջեւ:
Եղած է ջերմ պաշտպանը խաղաղութեան եւ արդարութեան:
Այս տեսլապաշտ գիտակցութեամբ, Արամ Ա. կաթողիկոս վերածած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խորհրդածութեան, երկխօսութեան եւ յարատեւ գործունէութեան կենդանի եւ բեղուն կեդրոնի մը:
Իր հոգեւոր ուղեւորութեան ընթացքին ունեցած է հանդիպումներ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ, տրուած դասախօսութիւններ տարբեր համալսարաններու մէջ եւ տիրացած միջազգային համբաւի:
Արդարեւ, «Հաւատքի, յոյսի եւ տեսիլքի ուղեւորութիւն մը» խորագրեալ հատորը վկայութիւնն է միջեկեղեցական կեանքի մէջ Արամ Ա. վեհափառին տարած հոգեւոր եւ իմացական աշխուժ գործունէութեան:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Յունուար, 2011
Պէյրութ