ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՏԱՐԱԶԱՒՈՐՆԵՐԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ՕԴԱԿԱՅԱՆ
Իր հիմնադրութենէն ի վեր ՀՄԸՄ-ը եւ ի մասնաւորի իր սկաուտական շարքերը եղած են արտադպրոցական դաստիարակչական հնոց մը, ուր կը կերտուին ապագայի հայ տիպարը եւ գիտակից քաղաքացին:
Մեկնելով միութեան վերոյիշեալ սկզբունքներէն` ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, սկաուտ խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին ծրագրումով, կիրակի, 27 մարտ 2011-ին, մասնաճիւղի բոլոր տարազաւորները այցելեցին ՊԷյրութի միջազգային օդակայանը, ուր տարբեր հանգրուաններով անոնք ծանօթացան օդակայանի զանազան բաժանմունքներուն եւ գործունէութեան:
Առաջին հերթին մասնաճիւղի բոլոր անդամները լսեցին դասախօսութիւն մը` օդակայանի հրշէջներու բաժանմունքին մասին, որուն ընդմէջէն դասախօս-հրշէջը անոնց բացատրեց հրշէջ ինքնաշարժի գործածութեան անհրաժեշտութիւնը օդանաւային արկածի մը պարագային: Ապա սոյն ինքնաշարժի գործնական ներկայացում մը կատարուեցաւ եւ ցուցադրուեցան, հրդեհի մը պարագային, կրակ մարելու ձեւերը:
Ապա խումբերու բաժնուած` սկաուտները բարձրացան օդանաւ, եւ ծանօթացան օդաչուի` խցիկին ու օդանաւի տարբեր բաժանմունքներուն, որմէ ետք խմբապետական կազմն ու երէց-պարմանուհիները բարձրացան օդակայանի հսկողութեան աշտարակը, ուր իրենց յատուկ բացատրութիւններ տրուեցան օդանաւային երթեւեկութեան մասին:
Ի վերջոյ, մասնաճիւղի բոլոր սկաուտներուն օդակայան այցելութեան վերջին կայանը հանդիսացաւ օդերեւութաբանական գրասենեակը:
Հոն, արբանեակային սարքերու միջոցով, յատուկ պաստառի մը վրայ դիտեցին եւ լուսաբանութիւններ ստացան կլիմայական փոփոխութիւններ պատճառող ամպերու շարժումներու հոլովոյթին մասին:
Նոր գիտելիքներ ամբարած տարազաւորները վերադարձան ակումբ:
Վարձքը կատար բոլոր ՀՄԸՄ-ական քոյր-եղբայրներուն, մասնաճիւղի նախկին տարազաւորներուն եւ բոլոր անոց, որոնք այս ծրագիրին յաջողութեան մէջ դեր ունեցան:

ՔՈՅՐ ՄԸ