Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Պուսթրոս Պալատ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան շաբաթավերջին այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ տեղական ու շրջանային իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


