Մանսուր Կը Մեկնի Տոհա

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ մեկնեցաւ Տոհա` մասնակցելու համար արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շրջանը յուզող շարք մը հարցեր, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են սուրիական եւ պաղեստինեան իրավիճակին հետ:

«Նկատի ունենալով, որ Լիբանան Արաբական լիկայի անդամ է, մենք կը մասնակցինք արտակարգ այս նիստին` քննարկելու համար շրջանային հարցերու, պաղեստինեան իշխանութիւններուն եւ սուրիական կացութեան զարգացումները», ըսաւ Մանսուր:

Անդրադառնալով Սուրիոյ կացութեան առումով Արաբական լիկայի տալիք հաւանական որոշումներուն` Մանսուր հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Սուրիոյ նկատմամբ իր չէզոք կեցուածքին:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ինք Քաթարի մէջ պիտի հետապնդէ՞ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն թղթածրարը, Մանսուր յայտնեց, որ այդ բանակցութիւնները տակաւին թրքական կողմն է, որ կը վարէ եւ կը ջանայ ռամատան ամսուան ընթացքին առեւանգեալ լիբանանցիները տուն վերադարձնել:

 

Share this Article
CATEGORIES