ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ԻՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ. ԱՐԵՒԱԳԱԼ, ՀՍԿՈՒՄ, ՄԻՋԻՆՔ
Դարերէն մեզի փոխանցուած` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ արարողութիւններուն հոգեթով ներշնչումով կը շարունակուին Մեծ պահոց յատուկ արարողութիւնները: Արեւագալի արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ վեց շաբաթներու վրայ, շաբաթական երկու ժամերգութիւններով եւ մեղքերէ հեռու մնալու «Հրաժարիմք» աղօթքով: Առաւօտեան ժամերուն մեր եկեղեցիները կը լեցուին մեծ մասամբ հայուհիներով, որոնք կը զգան զօրութիւնը եւ ներգործութիւնը միսթիք մթնոլորտին` շարականներով, մեղեդիներով եւ աղօթքներով:
Հսկումի արարողութիւնները նոյնպէս շաբաթական երկու երեկոներ` չորեքշաբթի եւ ուրբաթ երեկոները յատուկ ժամերգութեամբ կը փառաւորուին մեր սուրբ հայրերուն ստեղծագործած աղօթքները: Մեր ժողովուրդին սիրած աղօթքի պահն է, Աստուծոյ հետ զրուցելու ժամը, մանաւանդ երբ Գրիգոր Նարեկացին է յիշեցնողը «Ընկալ քաղցրութեամբ, Տէր Աստուած հզօր, զդառնացողիս զաղաչանս»: Նարեկացիին խնդրանքները կը շարունակուին: Քիչ ետք Ներսէս Շնորհալին կը խօսի իր «Հաւատով խոստովանիմ» 24 տուներէ բաղկացած սքանչելի աղօթքով:
Միջնադարեան մեր սրբազան գրականութիւնը կը հնչէ Մեծ պահոց շաբաթներուն, Արեւագալի լոյսին փառաբանանքով. «Լոյս, Արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս»: Ի՜նչ խորհրդաւոր, հոգեշունչ, մարդը Աստուծոյ միացնող տրամադրութիւն, 21-րդ դարու գիտութեամբ յագեցած այս դարուն, գիտութիւն, որուն բարիքին կը խառնուի չարիքը, որ մեզ կը հեռացնէ աստուածայինէն, բնութեան բարիքէն եւ անոր շնորհքէն:
Ինքնաքննարկումի, ինքնասրբագրումի առիթներ: Ականջ ունեցողը կը լսէ ու կը հասկնայ արեւագալներուն եւ հսկումներուն պատգամները, դէպի մաքուրը, ազնիւը, խոնարհը ձգտելու թելադրանքները:
Այս է Մեծ Պահքը, մարդը դէպի իր արմատները փոխադրող գերագոյն դասը: Որքան գեղեցիկ է մեր լեզուն, երբ գրաբարն է աղօթքն ու մեղեդին շնչաւորող ուժը:
ՄԻՋԻՆՔԸ
Մեծ պահոց եօթը շաբաթներուն կէսը` մէջտեղը յիշեցնող օրն է, որ կը զուգադիպի չորեքշաբթի օրուան: Եկեղեցական տօն մը չէ, չունի յատուկ արարողութիւն, որովհետեւ պարզապէս թուական մը կը յիշեցնէ: Այսուհանդերձ, շեշտաւորելու համար Մեծ պահքին իմաստը, հայ մարդուն ինքնաճանաչման պարտքը, մեր եկեղեցիներու տիկնանց վարչութիւնները Միջինքին կու տան հանդիսաւոր առիթ` զայն վերածելով ժողովրդային տօնակատարութեան, ինչ որ օգտակար է: Այս պարագային կարելի է յիշել հին ժամանակներէ եկած աւանդութիւն մը. նշանուած օրիորդները պատուելու իբրեւ հարսնցու, անոնց փոխանցելու հայ ընտանիքին բարքերն ու աւանդութիւնները պահպանելու պարտականութիւնը: Հոս լռելեայն կ՛իմացուի ապագայ մայրութեան խորհուրդը` ենթական հրաւիրելով հայկական եկեղեցւոյ եւ ազգային մեր կեանքին լրջութեամբ մօտենալու առաքելութեան:
Անցնող տարիներու նման, այս տարի եւս մեր եկեղեցիներուն եկեղեցասէր տիկնանց վարչութիւնները, նաեւ հարսնցու ունեցող ընտանիքներ յարգեցին Միջինքը` յատուկ տօնակատարութիւններով, եկեղեցիներու սրահներուն մէջ: Միութենական եւ դպրոցական տիկնանց յանձնախումբեր եւս մասնակցեցան հոգեպարար այս խնճոյքին, ուր ներկաներուն հրամցուեցան Մեծ պահոց ճաշեր` պատրաստուած յիշեալ տիկնանց կողմէ, յիշեցնելով, թէ հայկականը միշտ պատուական է:
Միջինքները կ՛ունենան նաեւ գեղարուեստական յայտագիրներ, ընդհանրապէս` հայկական ժողովրդային ու հայրենասիրական երգերով, նաեւ` շարականներու եւ մեղեդիներու երգեցողութեամբ: Ասմունքը միշտ կ՛ունենայ իր տեղը, պարբերաբար: Այս տարուան Միջինքի հանդիսութեանց գլխաւոր երգչուհին եղաւ Անայիս Նանէճեան-Կետիկեան, որ իր պատրաստած երգացանկով ներկայացուց երգեր: Կ՛ըսեն, թէ ան ներկայ եղած է տասնեակ մը միջինքի` իր սոփրանօ ձայնին հնչեղութեամբ խանդավառելով ներկաները: Հայ ժողովուրդին փրկութեան ճամբան մեր աւանդութիւններուն պահպանումն է: Առանց մեր գանձերուն եւ արժէքներուն պահպանման` չենք կրնար գոյատեւել: Վարձքը կատար միջինք կազմակերպող հայ կանանց:
Միջինքի տօնական հանդիսութիւնները տեղի ունեցան հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, որ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ կազմակերպուած միջինքներուն: Սրբազան հայրը իր խօսքը փոխանցեց հայուհիներուն` անոնց պատգամելով պահելու մեր աւանդութիւնները, շէն պահելու հայ տունը, հայաշունչ դաստիարակութիւն փոխանցելու նոր սերունդին` իբրեւ օրինակելի մայրեր ու ծնողներ:
Յիշենք նաեւ, որ այս առիթներով մեր մանրանկարչութենէն քաղուած «Ընտանեկան խաչ»ի պատկերը բացատրեց Լուսին Գաբրիէլեան: Իւրաքանչիւր ներկայ իր հետ տուն տարաւ օրինակ մը այս նկարէն:
Օգտակարն ու հաճելին միացած խանդավառեցին մեր մայրերը հաւատարիմ մնալու հայկական աւանդութեան:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ